Հայաստան- «Մելգոնեան վարժարանի հարցին լուծումը կը գտնուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութեան մօտ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան շրջանաւարտներէն Մատթէոս Չոլաքեան: Խնդրի լուծման համար ընթացող հանդիպումներուն առընթեր ան չի բացառեց, որ իրենք` շրջանաւարտները Մելգոնեանի վերաբացման հարցով կրնան հանդիպումներ ունենալ Հայաստանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:Չոլաքեան նաեւ ըսաւ, որ Մելգոնեանի փակումը կապ ունէր ոչ միայն նիւթական խնդիրներու հետ, այլեւ ուրիշ այլ հարցերու հետ որոնց մասին յարմար չնկատեց խօսիլ: «Մելգոնեանի հարցը կրնայ լուծում գտնել միայն Բարեգործականի ճիգերով»,- ըսաւ Չոլաքեան, որ նաեւ յայտնեց, որ իրենք, որպէս վարժարանի շրջանաւարտներ կապի մէջ են Բարեգործականի տարբեր մակարդակի պատասխանատուներուն հետ, բայց մինչեւ այս պահը խնդրի լուծման համար ոչ մէկ նորութիւն կայ: Պատասխանելով սուրիահայ աշակերտները Մելգոնեանի մէջ տեղաւորելու մասին մեր հարցումին` Չոլաքեան ըսաւ. «Լսած ենք այդ մասին, բայց այդ մէկը եւս կախեալ է բարեգործականի պատրաստակամութիւնէն»: Չոլաքեանի կարծիքով, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար Մելգոնեանը վերաբանալ որպէս ուսումնական բարձր մակարդակի կեդրոն եւ ոչ` որպէս գաղթակայան: Ան զարմանք յայտնեց Բարեգործականի Միջին Արեւելեան գաղութներուն հանդէպ ցոյց տուած մասնակի անտեսման վերաբերեալ, նկատել տալով, որ արեւմտահայերէնն այսօր լուրջ վտանգներու առջեւ, եւ Մելգոնեանը կրնայ արեւմտահայերէնի փրկութեան հիմնական լաստերէն մէկը դառնալ: Մատթէոս Չոլաքեան ըսաւ, Մելգոնեանի ճակատագիրը կրնայ վճռուիլ միայն մէկ միութեան կողմէ եւ ոչ մէկ գաղութ կրնայ այդ իրաւական կամ բարոյական պարտականութիւնը ունենալ կամ գործադրել:
Նշենք, որ շաբաթներ առաջ Մելգոնեանէն շրջանաւարտ խումբ մը ազգայիններ Արցախի մէջ հանդիպած էին ԼՂՀ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ եւ այլ խնդիրներու կողքին քննարկած էին նաեւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հիմնախնդիրը: