image

Մատթէոս Չոլաքեան. «Մելգոնեանի Վերաբացումը Կախեալ Է «Բարեգործական»-էն

Մատթէոս  Չոլաքեան. «Մելգոնեանի Վերաբացումը  Կախեալ Է «Բարեգործական»-էն

 Հայաստան- «Մելգոնեան  վարժարանի հարցին լուծումը  կը  գտնուի  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութեան  մօտ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Մելգոնեան  Կրթական  Հաստատութեան  շրջանաւարտներէն Մատթէոս Չոլաքեան:  Խնդրի լուծման համար ընթացող  հանդիպումներուն  առընթեր   ան չի բացառեց, որ  իրենք` շրջանաւարտները  Մելգոնեանի  վերաբացման հարցով  կրնան  հանդիպումներ ունենալ  Հայաստանի   բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:Չոլաքեան   նաեւ ըսաւ, որ Մելգոնեանի  փակումը կապ ունէր ոչ միայն նիւթական  խնդիրներու  հետ, այլեւ ուրիշ  այլ հարցերու հետ  որոնց  մասին  յարմար չնկատեց խօսիլ:  «Մելգոնեանի  հարցը կրնայ լուծում  գտնել միայն Բարեգործականի    ճիգերով»,- ըսաւ  Չոլաքեան, որ նաեւ յայտնեց, որ  իրենք, որպէս   վարժարանի շրջանաւարտներ    կապի մէջ են Բարեգործականի   տարբեր մակարդակի պատասխանատուներուն  հետ, բայց մինչեւ այս պահը  խնդրի լուծման համար ոչ մէկ   նորութիւն կայ:  Պատասխանելով  սուրիահայ  աշակերտները Մելգոնեանի մէջ  տեղաւորելու մասին   մեր հարցումին`  Չոլաքեան ըսաւ. «Լսած ենք այդ մասին, բայց այդ մէկը եւս կախեալ է  բարեգործականի  պատրաստակամութիւնէն»: Չոլաքեանի կարծիքով,  աւելի ճիշդ պիտի ըլլար Մելգոնեանը վերաբանալ որպէս  ուսումնական   բարձր մակարդակի  կեդրոն եւ ոչ` որպէս գաղթակայան:  Ան զարմանք յայտնեց     Բարեգործականի   Միջին Արեւելեան գաղութներուն հանդէպ ցոյց  տուած մասնակի անտեսման  վերաբերեալ,   նկատել տալով, որ  արեւմտահայերէնն այսօր լուրջ վտանգներու   առջեւ,  եւ Մելգոնեանը կրնայ      արեւմտահայերէնի փրկութեան  հիմնական լաստերէն մէկը  դառնալ:  Մատթէոս Չոլաքեան    ըսաւ,  Մելգոնեանի ճակատագիրը  կրնայ  վճռուիլ միայն մէկ միութեան կողմէ եւ ոչ մէկ գաղութ   կրնայ այդ իրաւական   կամ   բարոյական պարտականութիւնը ունենալ կամ գործադրել:

Նշենք, որ     շաբաթներ առաջ  Մելգոնեանէն   շրջանաւարտ  խումբ մը ազգայիններ  Արցախի մէջ  հանդիպած էին  ԼՂՀ  վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ եւ այլ խնդիրներու կողքին քննարկած էին նաեւ Մելգոնեան  Կրթական  Հաստատութեան   հիմնախնդիրը: