image

«Մամուլը խենթ է» Տանըլտ Թրամբի արտառոց յայտարարութիւնը

«Մամուլը խենթ է» Տանըլտ Թրամբի արտառոց յայտարարութիւնը

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը մամուլը «խենթ» անուանած է՝ հերքելով տեղեկատւութիւնը այն մասին, թէ ինքը գաղթականներուն հարաւային սահմանին վրայ պահելու մահացու եւ տարօրինակ միջոցներոու մասին հետաքրքրուած է, ներառեալ՝ նհանգներու եւ օձերու հետ անոնց փոսի մէջ նետելը, կը յայտնէ FoxNews-ը։

«Այժմ մամուլը կը փորձէ վաճառել այն փաստը, որ մեր հարաւային սահմանին ես ուզած եմ նհանգներով եւ օձերով լեցուն, ելեկտրականութեան միացուած ցանկապատով եւ ծայրերը սուր փուշերով փոս փորել»,- գրած է ան Twitter-ի էջին՝ աւելցնելով․ «Ես կրնամ սահմանային անվտանգութեան հետ կապուած խիստ ըլլալ, սակայն ոչ այդքան դաժան։ Մամուլը խելագարուած է։ Ֆէյքային (կեղծ) նորութիւններ»։

Թերթի լրագրողները ըսած են, թէ իրենց յօդուածը հիմնուած է Սպիտակ տան աւելի քան տասնեակ ներկայացուցիչներու հարցազրոյցներու վրայ, որոնք մասնակցած են գաղթականներու թեմայով քննարկումներուն։