image

Լոնտոնի հրդեհի 17 զոհերէն մէկը սուրիացի փախստական է

Լոնտոնի հրդեհի 17 զոհերէն մէկը սուրիացի փախստական է

Սուրիացի փախստական, 23-ամեայ Մոհամմէտ Ալ-Հաճ եղած է չորեքշաբթի օր Լոնտոնի բնակելի աշտարակի մէջ բռնկած հրդեհի 17 զոհերէն մէկը: Այս մասին «Ալ-Ճատիտ»ի համաձայն՝ յայտարարած է «Սուրիոյ հետ համերաշխութեան արշաւ» կազմակերպութիւնը:

Կազմակերպութիւնը նշած է, որ Մոհամմէտ Ալ-Հաճ 2014-ին հասած էր Լոնտոն, ան «West London» համալսարանի ճատարապետութեան բաժնի ուսանող էր: «Անոր երազն էր վերադառնալ իր երկիր եւ մասնակից դառնալ Սուրիոյ վերականգման աշխատանքին»,- նշուած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:  Համալսարանը իր հերթին յայտարարութեան մէջ նշած է. «Մենք ցնցուած ենք եւ տխուր՝ մեր ուսանողի մահուան լուրը ստանալու կապակցութեամբ»:

BBC-ի հաղորդմամբ, Մոհամմէտ իր մեծ եղբօր Օմարի հետ էր, երբ կրակը բռնկած էր, սակայն փախուստի փորձի ժամանակ անոնք իրարմէ բաժնուած էին: Կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ Օմար կրցած է փրկուիլ եւ ներկայիս կը գտնուի «Kings College» հիւանդանոցի մէջ: