Լիպիոյ Սէրթ քաղաքի մօտակայքը, սպաննուած է սուրիացի վարձկաններու խումբին մաս կազմող ծայրայեղական առաջնորդերէն մէկը: Այս մասին տեղեկացուցած է «Մարդու իրաւունքներու Սուրիական դիտարան»ը։
Դիտարանը հաստատած է թէ Սամէր Ալաթրաշ, յայտնի որպէս Ապու Եաարուպ Ալասարի, սպաննուած է Սէրթ քաղաքի մուտքին, նշելով որ ան եկած էր Լիպիա կռուելու «Ալ Ուիֆաք» կառավարութեան կողքին: Սպաննուողը նախապէս անդամ եղած էր «ժապհէթ Ալ -Նուսրա»ի (սուրիական բաժնին) եւ վտարուած էր գողութիւններու պատճառաւ:
Դիտարանը աւելցուցած է, որ յիշեալը տարիներ առաջ միացած էր Անգարայի հովանաւորութեան տակ գործող Սուրիոյ «ազգային բանակին»: Շրջան մը Իտլիպ մնալէ ետք, անցած էր Լիպիա մաս կազմելու «Սուրիացի վարձկաններու»ն, որոնց Թուրքիան կ'ուղարկէ դէպի Թրիփոլի, կռուելու Լիպիական բանակին դէմ:
13 հազար վարձկաններ
Աղբիւրը կը նշէ, թէ մինչ այսօր, Թուրքիա Լիպիա փոխադրած է սուրիացի 13 հազար վարձկան ահաբեկիչներ, նշելով նաեւ, որ ահաբեկիչներէն 390-ն սպաննուած են։
Նշենք, որ լիպիական բանակի խօսնակ՝ Ահմատ Ալ Մըսմարի, բազմիցս ամբաստանած էր Թուրքիան, «Ժապհէթ Ալ Նուսրա»ի ծայրայեղականները Սուրիայէն Լիպիա փոխադրելու մէջ, մատնանշելով թէ դիտարկած են յաճախակի յատուկ թռիչքներ, որոնք Սուրիոյ մէջ կռուող վարձկանները Թուրքիայէն դէպի Միսրաթա եւ Թրիփոլի կը տեղափոխեն։
Խօսնակը նախապէս շեշտած էր, որ օտար կռուողներու թիւը անընդհատ կը բազմանայ, հետեւաբար հեռու չէ անձնասպանական գործողութիւններու իրականացումը։