image

Լիբանանի նախագահը ընտրող ուժեղագոյն քուէն ռուսական է

Լիբանանի նախագահը ընտրող ուժեղագոյն քուէն ռուսական է

Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար Զօր. Միշէլ Աուն վաղը նախագահ պիտի ընտրուի: Լիբանանի 13-րդ նախագահը դառնալու բաւարար ձայներ ունեցող Աունի ընտրութիւնը անշուշտ, որ արդիւնք է ներլիբանանեան համաձայնութեան, որուն մեծագոյն ջատագովը դարձաւ  լիբանանցի սիւննի ղեկավար Սաատ Հարիրի: Բացի անկէ կայ նաեւ շրջանային համաձայնութեան մը գործօնը, որուն երկու հիմնական կողմերը Րիատն ու Թեհրանն են: Լիբանանեան մէկէ աւելի լրագիրներ այս առումով նաեւ անդրադարձ ըրած են, որ Աունի նախագահ ընտրուելու առընթեր երեւելի եւ կարեւոր «այո՛» ըսած է Մոսկուա, մինչ Պէյրութի մօտ ԱՄՆ դեսպան անձնապէս փորձած է միջամտել սիւննի ղեկավարութեան եւ մասնաւորապէս Սաատ Հարիրիի մօտ չորդեգրելու՝ «նարնջագոյն ղեկավար»ին թեկնածուութիւնը: Ուրեմն պէտք է հետեւցնել նաեւ, որ Լիբանանի մէջ գործող բրօ ամերիկեան ուժերուն համար Աունի թեկնածուութիւնը ընդունելի չէ: Պէտք է նաեւ նկատել, որ Լիբանանի մէջ առաջուան նման չի գործեր «սառը» պատերազմի հիմքով եղած պլոքներու դրութիւնը: Այսինքն քաղաքական կշիռներու ընդհանուր օրէնքը կամ ձեւաչափը չի բանիր «ես Թեհրանի դէմ եմ, այսինքն ԱՄՆ-ի հետ եմ» սկզբունքով: Մեծ ու փոքր ընդհանուր ազդեցութիւններու հիմնական ծիրը առաջուան նման չի պատկանիր Ուաշինկթընին կամ Մոսկուային,  այլ կան «շրջանային» խաղացողներ, որոնց անմիջական ազդեցութեամբ եւ «միջամտութեամբ» է, որ վաղը Լիբանանի պիտի ընտրէ իր յաջորդ նախագահը:

Այս բոլորին զուգահեռ պէտք է անպայման շեշտադրել, որ Աունի ընտրութիւնը պիտի կայացուի Մոսկուայի Միջին Արեւելք մեծ վերադարձով: Ու այս առումով Աունի մօտիկ մէկէ աւելի աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ նորընտիիր նախագահին առաջին պաշտօնական այցը ըլլայ դէպի Մոսկուա, ուր ան պիտի ընդունուի Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինին կողմէ: Այս բոլորը նաեւ բացայայտ կը դարձնեն Աունի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր մօտեցումները՝ չբացառելով սակայն, որ երկար ժամանակ, որպէս «քաղաքական ապաստանեալ» Փարիզ ապրած գործիչը յարաբերութեան կարեւոր եզրեր ունենայ եւրոպական թեւին ու մասնաւորապէս Փարիզի հետ:

Աուն, իր տարբերութիւն շատ մը գործիչներու լաւ հասկցած եւ «համտեսած» է ամերիկեան քաղաքականութեան «բարիքները» ու անոր համար է նաեւ, որ անոր աչքերը ուղղուած են դէպի հեռաւոր հիւսիս:

Յառաջիկայ հանգրուանի մեծագոյն մտավախութիւնը Լիբանանի հանդէպ Ամերիկայի ունենալիք կեցուածքն է ու չի բացառուիր, որ այդ «միջամտութիւն»ը դառնայ նոր նախագահի ճանապարհային քարտէզին առջեւ ուղղակի եւ անուղղակի պատուարներ դնող գլխաւոր եւ հիմնական վտանգ:

Ամէն պարագայի այս բոլորը պարզ կը դառնան, երբ երեւելի դառնայ Ուաշինկթընի ընդհանուր կեցուածքը առ Սուրիա եւ Լիբանան: Ու նաեւ Սպիտակ տան նոր բնակիչին՝ Միջին Արեւելքի նկատմամբ ունենալիք ընդհանուր կեցուածքներուն յստակեցումէն ետք: