image

Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի 2-րդ պարագա՞յ

Լիբանանի  մէջ  «Քորոնա»ի  2-րդ  պարագա՞յ

Նախնական  տուեալներով Լիբանանի մէջ   «Քորոնո»  ժահրը   կրող  երկրորդ պարագայ մը  գրանցուած է։

Այս  մասին   տեղեկութիւնը կը հաղորդէ     VDL կայանը,  նշելով նաեւ, որ     հարաւային Սայտա  գտնուող   հիւանդ մը,  որուն «Քորոնո»    վարակ     կրելու    վերաբերեալ կասկածներ առաջացած են,  փոխադրուած է   Պէյրութի  «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան հիւանդանոց։

 Այսօրուան  դրութեամբ  Պէյրութի  մէջ  կայ միայն  «Քորոնա»    ժահրի  մէկ վարակակիր, որ նոյնպէս  կը գտնուի   Հարիրիի  անուան  հիւանդանոցին մէջ։

Նշենք, որ   կառավարութեան  որոշմամբ Ռաֆիք Հարիրիի անուան   հիւանդանոցը կը համարուի   «Քորոնա»     ժահրի  վերահսկողութեան եւ  պայքարի   գլխաւոր բուժման  կէտ։