Ամերիկացի գրող Թոմաս Ֆրէտման զգուշացուցած է Սուրիա-Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին մօտակուտ պատերազմի բռնկումէն:
Ֆրէտման իր հրապարակած յօդուածին մէջ շեշտած է, որ 2018 թուականի ընթացքին նշուած տարածքին մէջ պատերզմական գործողութիւնները պիտի դառնան լրատուամիջոցներու գլխաւոր լուրը, միաժամանակ նշելով, որ 1500-2000 իրանցի խորհրդական երկու տարիէ ի վեր Պէյրութէն ու Դամասկոսէն «Հըզպալլա»ի հազարաւոր զինեալներ կը պահանջեն, իսկ Սուրիոյ մէջ իրանեան կողմի աջակցութեամբ մօտ 10 հազար աֆղանիստանցի եւ փաքիստանցի զինեալներ պայքար կը մղեն «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ:
Անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ իրանեան ներկայութեան ու Լիբանանի եւ Սուրիոյ ներքին քաղաքականութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան, Ֆրէտման նշած է, որ Փութին-Նաթանիահու հանդիպման ժամանակ վերջինս շեշտած է, որ Իսրայէլ թոյլ պիտի չտայ, որ Լիբանան հրթիռներ արտադրող գործարանի վերածուի:
Այս առումով Քրէտման համոզուած է, որ Իսրայէլ Իրանին եւ «Հըզպալլա»ին զգուշացուցած է, թէ հնարաւոր պիտի չըլլայ ուժի կիրառմամբ շրջանցել զինք, շեշտելով, որ իսրայէլեան կողմն աւելի քան վստահ է, թէ 2006 թուականէն ի վեր «Հըզպալլա»ն կը խուսափի Իսրայէլի հետ բախում ունենալէ, որովհետեւ վերջինս 2006 թուականին անողոքաբար հրթիռակոծեց Լիբանանն ու «Հըզպալլա»ի ռազմակայանները:
Միաժամանակ իսրայէլեան կողմը կը զգուշացնէ Իրանը, վերջինիս առաջարկելով վերանայիլ Իսրայէլի դէմ պատերազմի դուրս գալու իր հնարաւորութիւնները, նշելով, որ վերջինս կրնայ Արաբական Ծոցէն ծովային հարուածներ հասցնել իրանեան ուժերուն: