image

Լիբանանի մէջ 61 սպայ հրաժարական ներկայացուցած է

Լիբանանի մէջ 61 սպայ հրաժարական ներկայացուցած է

Ամիսներ առաջ Լիբանանեան բանակի գլխաւոր հրամանատար Ճոզէֆ Աուն որոշում հրապարակած էր, ըստ որուն հրաժարական ներկայացնող սպաներուն հնարաւորութիւն պիտի տրուի շարունակել օգտուիլ սպաներու հասանելի ծառայութիւններէն:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, անցնող հինգշաբթի օր հրաժարականներու ներկայացման ժամկէտն աւարտած է: Ընձեռնուած հնարաւորութենէն օգտուելու առիթ ունեցած է 61 սպայ, սակայն ակնկալուած թիւը շատ աւելին եղած է, նպատակ ունենալով նոր ու երիտասարդ սպաներով փոխարինել զանոնք: