image

Լիբանանեան Կարեւորգոյն Թերթերը Կրնան Դադրիլ Լոյս Տեսնելէ

Լիբանանեան Կարեւորգոյն Թերթերը Կրնան Դադրիլ Լոյս Տեսնելէ

16 մարտ 2016-ը կարծես աղէտալի օր դարձաւ լիբանանեան մամուլին համար: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Արապի» կայքը, նշելով, որ «սեւ օրուան» սկիզբը սկսած էր «Ալ-Սաֆիր» համբաւաւոր մամուլի տնօրինութեան կողմէ իր պաշտօնէութեան ուղղուած ընդհանրական գիրով, ուր կը տեղեկացնէր, որ «թերթի մեկնարկման 43-ամեակի նախօրէին, այս եզակի եւ պատմական դեր ունեցող թերթը կանգնած է բարդ իրավիճակներու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ», նշելով, որ այս իրականութեան դիմակայման շուրջ եղած քննարկումներու շարքին կը քննարկուի նաեւ  թերթի հրատարակութեան դադարեցման հարցը, որ յառաջիկային երթալէն աւելի պիտի դժուարանայ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Ալ-Սաֆիր»ի միայն էլեկտրոնային լրատուական կայքէջի վերածուելու մասին եղած խօսքին յաջորդած էր տակաւին չհաստատաուած այն լուրը, թէ Լիբանանի ամենահին «Ալ-Նահար» թերթը նոյնպէս պիտի վերածուի էլեկտրոնային թերթի, նկատի ունենալով, որ հաստատութիւնը եօթներորդ ամիսն ըլլալով կը հետաձգէ իր պաշտօնեաներու ամսավճարները կատարելը. կը նշուի նաեւ, որ թերթը լրջօրէն սկսած է մտածել իր աշխատակիցներուն  յատկացումներն ու ծառայութեան հատուցումները տալու եւ գործէն ազատ արձակելու մասին: Իր հերթին «Ալ-Լիուաա» նոյնպէս հրաժարականներու դուռը բացած է իր աշխատակիցներու առջեւ:
Բոլոր այս նոյնանման  որոշումները կու գան այն պահուն, երբ լիբանանեան ԶԼՄ-ներու մեծ մասը կը տառապի տնտեսական ճնշող ճգնաժամէ, որուն ամենամեծ զոհը կ'ըլլան պաշտօնեաներն ու անոնց ընտանիքները: