5-րդ օրն է, որ Լիբանանցի լրագրող Մոհամմատ Սալէհ կը մնայ կալանքի տակ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը նշելով, որ լրագրողը ձերբակալուած է Աթէնքի օդակայանին մէջ։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Սալէհ ձերբակալուած է այն պատճառով, որ նոյն անունով անձ մը կը համարուի 1985 թուականին TWA ընկերութեան պատկանող օդանաւի առեւանգումը կազմակերպողներէն մին։
Իր կարգին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն խնդրով յայտարարութիւն մը տարածած է նշելով, որ Սալէհի հարցով նախարարութիւնը կապի մէջ մտած է Յունաստանի իշխանութիւններուն հետ նշելով նաեւ, որ 1985-ի դէպքը իրականացնողին եւ Սալէհին միջեւ ոչ մէկ կապ գոյութիւն ունի։
Կը նշուի նաեւ, որ TWA ընկերութեան պատկանող օդանաւը Աթէնքէն կ՚ուղղուէր Հռոմ եւ անոր մէջ կային 153 ուղեւորներ։ Օդանաւը առեւանգողները օդաչուին ստիպած էին ուղղուիլ դէպի Պէյրութ եւ ուղեւորութեան ժամանակ սպաննած էին ամերիկացի ուղեւոր մը։
Օրին «Ամալ» կուսակցութեան առաջնորդ եւ ներկայիս Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի միջամտած էր ու յաջողած էր խնդիրը լուծել , իսկ մնացեալ ուղեւորները ուղղարկուած էին Պերլին։
Յիշեցնենք, որ լրագրող Սալէհ կ՚աշխատակցէր լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» պարբերականին։