Բրիտանական «Financial Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր յայտնած է, որ լիբանանեան դրամատուներու ղեկավարներ սկսած են քննարկել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ Սուրիոյ վերականգնման մաս կազմելը դրական ազդեցութիւն ունենալ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ, նշելով, որ օտարերկրեայ ընկերութիւնները, որոնք պիտի ստանձնեն վերականգնման աշխատանքները կրնան Լիբանանի միջոցով տեղափոխել անհրաժեշտ շինանիւթերն ու սարքաւորումները:
Թերթը կարծիք յայտնած է, որ լիբանանեան դրամատուները կրնան մեծապէս օգտուիլ Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակի աւարտէն, նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով Սուրիոյ մէջ ճամբաներու, դպրոցներու, հիւանդանոցներ, կամուրջներու, ելեկտրական ցանցերու, նաւահանգիստներու վերակառուցման:
Թերթը միաժամանակ յայտնած է, որ որոշ լիբանանցի գործարարներ արդէն սուրիացի գործարարներու հետ համատեղ ընկերութիւններ սկսած են հիմնել, զբօսաշրջիկային եւ առեւտրական նախագիծեր իրականացնելու նպատակով:
Աւարտին, թերթը անդրադարձ կատարած է Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներուն Լիբանանի մասնակցութեան խանգարող հանգամանքներուն, որոնցմէ եւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ օրէ օր աճող հակամարտութիւնը, Հարիրիի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներքին քաղաքական ներկայ վիճակը, որ արգելք հանդիսացաւ երկիրը քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքէն դուրս բերելու գործընթացին դիմաց: