image

Լիբանան. Օր 4-րդ Ցոյցերը կը շարունակուին

Լիբանան.  Օր 4-րդ  Ցոյցերը կը շարունակուին

Լիբանանի մէջ ընթացք առած  «Whats up-ի  յեղափոխութիւն»ը կը շարունակուի։

Այսօր    ցոյցերու  4-րդ օրն է եւ   հազարաւոր երիտասարդներ   հաւաքուած են   Պէյրութի «Ռիատ  Սոլհ»ի  կեդրոնական  հրապարակ։

Լրատուական  աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ       երկրի    գաւառները Պէյրութին  կապող     տասնեակ մայրուղիներ  կը շարունակեն  մնալ փակ։

Կարգ մը շրջաններու մէջ      ճանապարհները  բացուած են  քանի մը ժամուան համար, որպէսզի  քաղաքացիները կարողանան իրենց առաւօտեան  գնումները եւ  անոնցմէ    ոմանք  ալ        այդ  ճանապարհներու միջոցաւ   փորձեն հասնիլ  Պէյրութի կեդրոնական հրապարակ։

Կը նշուի նաեւ, որ ապահովական     լուրջ   միջադէպէր  չեն գրանցուած, սակայն ապահովական  մարմիններ  ձերբակալած  ու ապա  ազատ  արձակած են       կարգ մը ցուցարարներ։

Ցուցարարները մտադիր են  մինչեւ  վերջ երթալ եւ կը պահանջեն  երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիի   եւ անոր կառավարութեան  հրաժարականը։

Իր կարգին MTV   կայանը կը հաղորդէ, որ    իրենց ունեցած  տեղեկութիւններուն համաձայն     այսօր` Կիրակի,  անցնող օրերուն համեմատ           ցուցարարները պիտի կայացնեն  մինչեւ    օրս տեղի ունեցած ցոյցերուն  ամէնէն  մարդաշատը։