Լիբանան- Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի «Ալ Նըժմէ» հրապարակին շուրջ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ քաղաքացիական կազմակերպութիւններու աքթիւիսթներ հաւաքուած են խորհրդարան տանող բոլոր անցքերուն մօտ: Անոնք փորձած են արգելք հանդիսանալ քաղաքական գործիչներու մուտքը դէպի խորհրդարան, ուր ազգային երկխօսութեան նիստ կը կայացուի: Բախումներ գրանցուած են ցուցարարներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ: Ըստ LBCI-ին ապահովական մարմիններ բացայայտ կերպով բռնի ուժ կիրարած են քաղաքացիներուն դէմ: Կարգ մը ցուցարաներ փոխադրուած են հիւանդանոց:Կը հաղորդուի նաեւ, որ տասնեակ ցուցարարներ տարուած են «Շարլ Հըլու» զօրանոց եւ կը գտնուին արգելափակման տակ: Ցուցարարները կը պահանջեն երկրին մէջ տագնապի վերածուած աղբի խնդրին լուծումը: