image
Հրատապ լուրեր:

Լարուած Իրավիճակ Պէյրութի Խորհրդրանի Շէնքին Դիմաց. Կան Տասնեակ Ձերբակալեալներ

Լարուած  Իրավիճակ Պէյրութի  Խորհրդրանի Շէնքին Դիմաց. Կան Տասնեակ  Ձերբակալեալներ

 Լիբանան-  Լարուած    իրավիճակ կը տիրէ   Պէյրութի    «Ալ Նըժմէ»   հրապարակին   շուրջ:   Առաւօտեան  կանուխ ժամերէն  սկսեալ  քաղաքացիական  կազմակերպութիւններու աքթիւիսթներ     հաւաքուած են     խորհրդարան  տանող  բոլոր անցքերուն  մօտ: Անոնք փորձած են    արգելք հանդիսանալ   քաղաքական գործիչներու մուտքը դէպի  խորհրդարան, ուր  ազգային երկխօսութեան նիստ կը  կայացուի: Բախումներ գրանցուած են  ցուցարարներուն  եւ        ապահովական մարմիններուն միջեւ: Ըստ  LBCI-ին ապահովական մարմիններ  բացայայտ կերպով բռնի ուժ կիրարած  են  քաղաքացիներուն դէմ: Կարգ մը ցուցարաներ փոխադրուած են  հիւանդանոց:Կը  հաղորդուի նաեւ, որ տասնեակ  ցուցարարներ        տարուած են «Շարլ Հըլու» զօրանոց եւ կը գտնուին  արգելափակման տակ:  Ցուցարարները կը պահանջեն երկրին մէջ տագնապի վերածուած աղբի  խնդրին  լուծումը: