image

Իսրայէլեան «լուրջ» առաջարկ Լիբանանի համար. Խօսքը ծովային «համաձայնութեան» մասին է

Իսրայէլեան «լուրջ» առաջարկ Լիբանանի համար. Խօսքը ծովային «համաձայնութեան» մասին է

Իսրայէլի Ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շթայնթզ յայտարարած է, որ ամերիկեան միջնորդ խողովակներու միջոցով նոր առաջարկներ ներկայացուած են, նաւթի եւ կազի պեղումներու վերաբերեալ Լիբանանի հետ իսրայէլեան ծովային հակամարտութիւնն աւարտելու նպատակով:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Շթայնթզ նշած է, որ առաջարկուած նոր գաղափարները լաւատեսութիւն կը ներշնչեն, սակայն զգուշաւորութիւնն անհրաժեշտ է:

Նախարարը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին կարելի է հակամարտութեան ամբողջական կամ մասնակի լուծման հասնիլ: