image

Իսրայէլ- Անգարա «սիրաբանութիւն»ը սկիզբ պիտի առնէ «Համաս»ի վտարումով

Իսրայէլ- Անգարա «սիրաբանութիւն»ը սկիզբ  պիտի առնէ «Համաս»ի   վտարումով

Մէկ օր ուշացումով կը սպասուի, որ Անգարա  եւ Թէլ Աւիւ  այսօր վերահաստատեն դիւանագիտական երկողմ յարաբերութիւնները: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ  կը նշեն, որ  Անգարա կը պատրաստուի Պոլսոյ մէջ  եղող պաղեստինեան  «Համաս» շարժումի  զինուորական  ներկայայցուցիչները վտարել երկրէն: Կը հաղորդուի նաեւ,  որ  Թուրքիոյ նախագահը   երէկ հեռախօսային կապ հաստատած է Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին հետ եւ  վերջինիս հետ քննարկած համաձայնութեան առնչուող հարցեր:  Ըստ արաբական  աղբիւրներու, Թէլ Աւիւ համաձայնած է  փոխհատուցում վճարել  թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն վրայ զոհուածներու ընտանիքներուն:  Թուրքիա իր կարգին  պահանջած է  ամբողջութեամբ վերացնել  Կազայի վրայ  դրուած   պաշարումը, որը սակայն  մերժուած է   Նաթանահիաուի կառավարութեան կողմէ:  Կը  խօսուի նաեւ, որ  Անգարա   Համասի եւ Թէլ Աւիւի  միջեւ  միջնորդի դեր  կրնայ կատարել  իսրայէլացի   սպաննուած զինուորներու  դիակներու  վերադարձման   հարցով:  Մինչեւ այս պահը  յստակ չէ, թէ    Իսրայէլ ինչ գումարներ պիտի տրամադրէ թուրքերուն,  սակայն երեւելի է, որ     յարաբերութիւնները   պիտի դառնան աւելի ջերմ, քան ինչ էին, 2010էն  առաջ:  Յիշեցնենք, որ   երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները       վատթարացած էին  2010 -ին, երբ   թրքական  «Մաւի Մարմարա» մարդասիրական նաւը  փորձած էր        կոտրել Կազայի դէմ եղած  պաշարումը: Իսրայէլեան    ուժայիններու  կրակին հետեւանքով զոհուած  էին նաւուն վրայ եղող 10  թուրք աքթիւիստներ: