Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի մտադիր է Հայաստան այցելել: Այս մասին Ռոհանի յայտնած է ՀՀ ԱԳ Էտուարտ Նալբանդեանը ընդունած ժամանակ: Նշենք, որ այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցիուի ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ: Կը նշուի նաեւ, որ Նախագահ Ռոհանի բարձր գնահատած է Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները եւ նկատել տուած, որ այդ առումով կարեւոր ընելիքներ կան: Նշենք, որ ՀՀ ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալբանդեան պաշտօնական այցով կը գտնուի Թեհրան: