Իրանը կը պատրաստուի Սէուտական Արաբիոյ նոր հարուածներ հասցընել, ինչի մասին օտարերկրեայ դիւանագէտներուն տեղեկացուցած են Եէմէնի ապստամբ-հուսիներու որոշ առաջնորդներ, կը հաղորդէ The Wall Street Journal թերթը:
Պարբերականը գրած է, որ Եէմէնի հուսիներու առաջնորդներու մէկ մասը «տագնապ բարձրացուցած է Իրանի կողմէ ճնշման տակ յայտնուելոէ ետք, որոնք կը պահանջեն հուսիներէն ծրագրուած հարուածներուն իրենց մասնակցութիւնը ունենալ»։
Եւ հակառակ անոր, որ հուսիներու յայտարարութիւնները Արեւմուտքի մէջ թերահաւատօրէն կ'ընդունուի, «այս տեղեկութիւնը ԱՄՆ-ն եւ Սէուտական Արաբիան ստացած են հուսիներու անմիջական աղբիւրներէն», որու կապակցութեամբ Սէուտական Արաբիան զօրացուցած է անվտանգութեան միջոցառումները:
Պարբերականը կը հաղորդէ, որ հուսիներու ներկայացուցիչ Մոհամետ Ապտուլ Սալամը հերքած է՝ օտարերկրեայ դիւանագէտներուն հնարաւոր իրանական յարձակումներու վերաբերեալ նախազգուշացումներու հաղորդումը։
Հրատարակութիւնը տեղեկատւութեան արտահոսքի հնարաւորութիւնը կը բացատրէ այն հանգամանքով, որ հուսիներու ղեկավարութեան մէջ հակասութիւններ առաջացած են Իրանի վերաբերեալ, որոնցմէ շատերը վստահ չէ Իրանին ապաւինելու հարցով։