Անցնող 13 տարիներու ընթացքին, կը գրէ «Huffington Post» լրատուական կայքի յօդուածագիրը, Պաղեստինի նախկին նախագահ Եասէր Արաֆաթի մահուան հանգամանքներու շուրջ քննութիւն իրականացնող յանձնաժողովը մէկէ աւելի անգամ յայտարարած է, որ բացայայտած է Արաֆաթը սպաննող անձերը, առանց սակայն անոնց ինքնութեան ու որ կողմին պատկանելուն մասին մանրամասներ յայտնելու:
Բացի անկէ, 2012 թուականին «Ալ Ճազիրա» նոյնպէս քննութիւն իրականացնելով հասած էր այն եզրակագութեան, որ Արաֆաթի մահը թունաւորման արդիւնք էր:
«Ալ Ճազիրա»ի կատարած բացայայտման յաջորդեց ֆրանսացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ Արաֆաթի աճիւններու դուրս բերումն ու քննութեան ենթարկումը, սակայն այդ արդիւնքները նոյնպէս գաղտնի մնացին:
Արաֆաթի մահուան հանգամանքներուն մասին ամենահետաքրքրական յայտարարութիւններէն մէկն էր
Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի տարի մը առաջ կատարած յայտարարութիւնը, երբ ըսաւ, որ ինք գիտէ, թէ ով սպանած է Արաֆաթը, սակայն կ'ուզէ սպասել քննութիւն իրականացնող մարմինի արդիւնքներուն, որոնք սակայն մինչեւ օրս չհրապարակուեցան:
Արծարծելով վերոնշեալ թեմաները, յօդուածագիրը հարց կը բարձրացնէ, թէ ի՞նչն է, որ կ'արգիլէ «Ֆաթըհ»ին բարձրաձայնել իր հիմնադիրն սպաննողի անունը, մանաւանդ, եթէ կը համարեն, թէ Իսրայէլի միջամտութեամբ կատարուած է այդ սպանութիւնը: