image

Ինչպիսի՞ն է «Հըզպալլա»ի յաջորդ սերունդը

Ինչպիսի՞ն է «Հըզպալլա»ի յաջորդ սերունդը

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը նշած է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն  ընթացքին Թել Աւիւի անվտանգութեան սպառնացող խոշորագոյն վտանգը հիւսիսէն պիտի գայ, ուր լիբանանեան եւ սուրիական սահմանին աստիճանաբար մէկ միասնական ճակատ պիտի կազմաւորուի:

Թերթին համոզմամբ, նշուած սահմանի միւս կողմէն Իսրայէլեան Բանակին դէմ պայքար պիտի մղեն ոչ միայն իրանեան պահակազօրի սպաները, այլ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ ընթացող դաժան  մարտերուն մասնակցած «Հըզպալլա»ի նոր սերունդը, որ, ըստ թերթին, օժտուած է բարձր մարտունակութեամբ, ինքնավստահ է եւ հաւատացած է, որ եթէ Սուրիոյ պատերազմի դաշտին վրայ այդքան դիմացաւ, ուրեմն պատրաստ է Իսրայէլեան Բանակի դէմ պատերազմի դաշտ դուրս գալու:

«Անցնող տասնամեակի ընթացքին, Իսրայէլեան Բանակի պատերազմական միակ փորձը Կազայի մէջ էր, ուր Համասի դէմ սահմանափակ գործողութիւններ իրականացուեցան, եւ ամբողջ այդ տարիներու ընթացքին, բանակն ստիպուեցաւ Լիբանանի ու տարածաշրջանին մէջ պայքարելու գործնական մեծ ու կարեւոր փորձ ունեցող սպաներու հրաժեշտ տալ, եւ շատ փոքր թիւով փորձառու սպաներ մնացին բանակի շարքերուն»,- մտահոգութիւն յայտնած է թերթը: