image

Ի՞նչ մշակուեցաւ Համպուրկի մէջ. Սուրիան նոր սցենարի մը առջե՞ւ

Ի՞նչ մշակուեցաւ Համպուրկի մէջ. Սուրիան նոր սցենարի մը առջե՞ւ

Սուրիական տագնապի զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար յստակ ու երեւելի է, որ մօտիկ անցեալին պատերազմական թէժ ճակատներ հանդիսացած տասնեակ շրջաններ սկսած են համաձայնութեան թատերաբեմ  դառնալ: Երկրին մէջ օրըստօրէ ընթլայնող այդ համաձայնութեան կէտերը Սուրիան կը դնեն նոր փուլի մը մէջ: Լիբանանեան «Էլ Պի. Սի. Այ.» կայանը, որ  շաբաթ մը առաջ  կարճ վերլուծական նիւթ մը սփռեց  Սուրիոյ տագնապի  վերջին  զարգացումներուն  մասին յայտնեց, որ Սուրիան մտած է քաղաքական  լուծումներու կարեւոր փուլ մը, որուն հիմնական հովանաւորներն են Ռուսաստանը եւ  Միացեալ Նահանգները:

 Ընթերցողներուս  պարտիմ յիշեցնել, որ անցեալ յուլիսին Համպուրկի  մէջ տեղի ունեցած G-20-ի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ, երբ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահները (առաջին անգամ ըլլալով) փակ հանդիպում մը ունեցան քննարկման սեղանին ամէնէն կարեւոր տեղը տրուած էր սուրիական  տագնապին:

 Ու ճիշդ է նաեւ, որ երկու  առաջնորդները  չկարողացան  իրենց միջեւ առկայ  տարակարծութիւնները հարթել, սակայն  բացայայտ   սկսած է  դառնալ, որ առնուազն  Սուրիոյ  մէջ   անոնց  «ձեռք բերած» համաձայնութիւնները սկսած են գետին շահիլ: Այդ համաձայնութիւններուն առընթեր նոյնպէս կարեւոր զարգացումներ կը կատարուին Լիբանան-Սուրիա  սահմանային հատուածին մէջ եղող Արսէլ աւանին մէջ, ուր  վերջին   երեք տարիներուն Լիբանանի համար լուրջ սպառնալիք համարուող ահաբեկիչ զինեալները օգտագործելով ցամաքային ճանապարհը Լիբանանէն հեռանալով հաստատուեցան Իտլիպի մէջ: Սուրիոյ մէջ երեւցող համաձայնութիւններու մասին խօսելով պէտք է  անպայման մատնացոյց ընել Հոմսի ու Համա նահանգներու պարագան, որոնցմէ մէկը Հալէպի դէպքերէն առաջ, իսկ միւսը Հալէպի դէպքերէն ետք ամբողջութեամբ անցան Սուրիոյ կառավարական  ուժերու տիրապետութեան  տակ:

 

 Ճիշդ է, որ  հակառակ  այս դրական տեղաշարժերուն     Սուրիոյ մէջ տակաւին կան շրջաններ, որ կը համարուին  ընդդիմադիր զինեալներու  բոյն,  սակայն  եթէ   Սուրիոյ այսօրուան քարտէզը   մեր աչքի առջեւ  ունենանք  ապա   պարզ կը դառնայ, որ  իրավիճակը  համեմատած  տարի մը առաջ  եղած  վիճակին  բաւական  տարբեր է:

 Այսպէս  Հոմսի ու  Համայի կողքին     սուրիական  բանակը իր ամբողջական  տիրապետութեան տակ առած է Հալէպը: Նոյնը կարելի է ըսել  Դամասկոսի  մասին, որուն  արեւելեան (գիւղական)  շրջաններէն  բացի     մայրաքաղաքի  մեծ տոկոսը     կը գտնուի  բանակի  վերահսկողութեան  տակ:

 Քիչ մը տարբեր իրավիճակ կը տիրէ Թուրքիա- Սուրիա սահմանային հատուածներուն  վրայ, ուր  մէկ կողմէ քրտական  ուժերու ներկայութիւնը եւ միւս կողմէ ամերիկեան խարիսխներու առկայութիւնը ստեղծած են  բաւականին «նոր»  եւ զարգացումներով յղի շրջաններ:Երեւելի է նաեւ, որ ռուսաստանեան  «կանաչ լոյս» մը կայ, որպէսզի  սուրիական  բանակը  արշաւէ երկրի նաւթային պաշարներերով ամէնէն հարուստ Տէր Զօրի նահանգը եւ այդ քաղաքը ազատագրէ ԻՇԻՊ-ի լուծէն: Նոյնը կարելի է ըսել Ռաքքա քաղաքին մասին, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի ԻՇԻՊ-ի կարեւորագոյն  կեդրոնատեղին, յատկապէս,որ իրաքեան Մուսուլի անկումէն ետք մեծ թիւով ահաբեկիչ զինեալներ եւ իրենց ընտանիքները այդ շրջանէն խոյս տալով «վերադարձան»  Ռաքքա:

 Ռաքքայի պարագան քիչ մը տարբեր պարագայ է, որովհետեւ   այդ քաղաքի  ազատագրութեան  համար  մղուած մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն,  ոչ միայն  դաշնակից ուժերն ու Սուրիոյ բանակը, այլ այդ շրջաններուն մերձ գտնուող  քիւրտ զինեալ ջոկատները, որոնց  շարժումները շատ ալ  Սուրիոյ կառավարական մարմիններուն  «սրտով»ը չեն: Այս մասին ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆայսալ Ալ Մըքտատ: Մըքտատ, որ  շաբաթ մը առաջ  հարցազրոյց մը տուած է «Պի. Պի. Սի.» կայանին  ըսած է, որ իրենք  ուշի  ուշով կը հետեւին այդ շրջաններուն մէջ  գրանցուող  դէպքերուն եւ «մեզի համար, ոչ  մէկ պարագայի ընդունելի է, որ Սուրիոյ  քիւրտերը անջատուին եւ ստեղծեն իրենց յատուկ  պետութիւն»ը: Մըքտատ, որուն Սուրիոյ  ամբողջականութեան մասին կատարած յայտարարութիւնները կը բխին, ոչ միայն Դամասկոսի  շահերէն  այլ նաեւ տեղ մը կը հանդիպին Սուրիոյ տագնապին   գործընթացներուն մէջ կարեւոր դեր ունեցող թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Մոսկուայի ընդհանուր մօտեցումներուն:

 Այլ խօսքով նման յայտարարութիւն մը ունի  նաեւ արտաքին նեցուկ ու անկախ անկէ, որ երկու գեր պետութիւններուն համար մինչեւ այս պահը Սուրիոյ  նախագահին ճակատագիրն ու ապագան կը շարունակեն մնալ վէճի ու տարակարծութեան առանցք, սակայն նաեւ յստակ  է, որ երկու գերհզօր ուժերուն համար  տանելի  եւ ընդունելի չէ Սուրիան մասնատուած  տեսնելը:

 Ու այստեղ է նաեւ, որ շատ բացայայտ կերպով յստակ կը դառնայ, որ այդ շրջաններուն մէջ (նկատի ունիմ Թալ Ապեատի, Մունպէճի, Հասաքէյի եւ Գամիշլիի շրջանները) քիւրտերուն համար տրուած կիսանկախ իշխանութեան  մը իրադրութիւնը կրնայ միայն որոշ հանգրուան մը լրացնելու համար «ստատուս քո» մը եղած  ըլլալ:

 Ամէն պարագայի այս բոլոր դրուածքները աւելի պարզ ու յստակ պիտի դառնան յատկապէս  երբ   խաղէն դուրս «կը դրուի» ԻՇԻՊ-ը ու յատկապէս  Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի  մէջ:

 

 

 Համաձայնութեան նոր սցենար

 

  Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած   Վ. Փութին- Թրամբ  հանդիպումէն մէկ      ամիս անց    արաբական  աշխարհի  մէկէ  աւելի   վերլուծական  կայքեր   տեղեկութիւն կը փոխանցեն  այն մասին,  որ  Սուրիոյ  համար «նախատեսուած»  համաձայնութիւնը   գետին  շահիլ պիտի սկսի      եւ գործադրութեան  պիտի  դրուի  մինչեւ      ձմեռնամուտ:     Այդ  համաձայնութիւնը, որ բաւական  բազմաշերտ  ծրագիր մըն   կը   կրէ  հովանաւորութիւնը Անգարայի  եւ Ռիատի, որոնք պիտի հանդիսանան   այդ համաձայնութիւնը իրականութիւն դարձնող  երկու հիմնական  կողմերը,  անշուշտ այստեղ  միշտ ի մտի պէտք է ունենալ   Միացեալ Նահանգներ- Ռուսաստան բարձր  հովանաւորութիւնը,   որոնց     «փակ սենեակներ»ուն մէջ   ալ  ծրագրուեցաւ      այս    համաձայնութեան նախնական ծրագիրը:

 Հոս  եւս  ամէնէն  հիմնական  խնդիրը Սուրիոյ  նախագահ  Պաշշար Ասատի   ճակատագիրն է, որ իշխանութեան վրայ պիտի մնայ    համաձայնութեան  առաջին փուլին, այսինքն  գալիք տասնըութ ամիսներուն ընթացքին:

 Այդ   փուլին  է նաեւ, որ երկիրը պիտի ունենայ   ընդդիմադիր  վարչապետ մը, որուն  անուան  մասին եւս  բացայայտումներ կան  կատարուած    արաբական  տարբեր լրատուական    միջոցներու  կողմէ: Ըստ    այդ    աղբիւրներուն  Սուրիոյ  մէջ վարչապետի դերը պիտի ստանձնէ  Հասան Ապտըլ Ազիմ  անունով ընդդիմադիր գործիչ մը, որ կը համարուի  ռուսերուն   յարող եւ մօտիկ այլ անձնաւորութեան մը  Ահմատ Ալ Ժարպայի    համախոհը: Այս  բոլորէն  անդին կարեւոր   որոշումներ կան կապուած  Իտլիպի (որն այսօր կը համարուի    «Ալ Նուսրա» ճակատի ու զայն փոխարինելու ելած «Սարայա ահլ  ալ շամ»ի   հիմնական  կեդրոնատեղին),  Թուրքիոյ մէջ գործող «Սուրիոյ համագործակցութեան  խորհուրդ»ի  լուծարման մասին,Սուրիայէն իրանամէտ եւ իրանեան  ուժերու  հեռացումին մասին ինչպէս  նաեւ  ըննդիմադիր խմբաւորումներուն (ԻՇԻՊ-էն բացի բնականաբար)    մէկ ջոկատի մը մէջ  միաձուլման մասին (յառաջիկային զանոնք  նոր կազմուելիք   Սուրիոյ ազգային  բանակին մէջ միախառնուելու    հեռանակարով):

 

 Սուրիոյ ամբողջ  տագնապին  տեւողութեան  առաջին անգամը  չէ, որ  նման   «սեւագիր» համաձայնութիւններու մասին  խօսք  կ'երթայ: Ու չէ բացառուած, որ այս համաձայնութիւնն ալ ունենայ իր նախկիններուն տխուր ճակատագիրը:  Բայց եւ այնպէս տարբեր շրջաններուն մէջ ընթացք առած հասկացողութիւններու  փուլը  եւ  Ուաշինկթընի  ու Մոսկուայի  կողմէ  ամէն գնով   առկայ հրադադարը  պաշտպանելու  վերաբերեալ   եղած  ճիգերը ցոյց կու տան, որ միջազգային խաղացողները հետամուտ  են նոր փուլի մը տանիլ  այս տագնապը: Ու այստեղ չի բացառուիր, որ կրակի  դադրեցումին  հետ ընթացք առնէ քաղաքական  գործընթաց մը,  որուն   ամէնէն կարեւոր հիմքերէն մէկն է Սուրիան, որպէս մէկ ամբողջականութիւն եւ գերիշխանութիւն ունեցող երկիր   մը  պահելը:

 

 Մնացեալ դրուածքները եւ տարակարծութիւնները լուծելի են մանաւանդ, որ    Ուաշինկթընի համար   Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի ունեցած  դերը սկսած է  դառնալ ընդունելի   եւ  «շինիչ» դեր մը:

 

Սագօ Արեան