«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ երիտասարդ Յակոբ Մելքոնեանը.
-Շուտով կը լրանայ Լիբանանի բողոքի ցոյցերու երրորդ ամիսը: Ինչպիսի՞ն էր վիճակը ցոյցերէն առաջ, եւ՝ ինչպիսի՞ն է այսօր:
Ինչպէս գիտէք, 90 օրէ ի վեր Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ'ունենան, բողոքները սկիզբ առին Լիբանանի տնտեսական ծանր իրավիճակի, լիբանանեան դրամի արժէքի անկումին, ապրուստի սղութեան եւ կազի ու պենզինի տագնապի հետեւանքով: Այսօր արդէն Լիբանանի մէջ վախ կայ, որ վիճակը աւելի բարդանայ եւ հասնինք անօթութեան:
Ցոյցերու սկզբնական շրջանին, մարդոց մօտ վախ մը կար, որ կրնայ ըլլալ այս շարժումը Լիբանանը տանի քաղաքացիական պատերազմի, եւ այսօր լիբանանցիները իրենց կրօնական-համայնքային գաղափարները մէկ կողմ դրած, առաջին անգամ ըլլալով միասնաբար հաւաքուած են, որպէսզի պաշտպանեն իրենց երկիրը եւ իրենց տարրական իրաւունքները:
Շարժումը սկիզբ առաւ Լիբանանի նոր սերունդին՝ երիտասարդութեան կողմէ, իսկ այսօր, նոյնիսկ տարեց անձեր միացած են անոնց, որոնք մէկ կողմ դրած իրենց կուսակցական պատկանելիութիւնը, սկսած են մտածել Լիբանանի եւ իրենց երեխաներու ապագային մասին, որ մինչ այս իրենք չէին կրցած ապահովել:
Ամենազգալի բանը այն է, որ լիբանանցիներուն մէջ կտրուեցաւ իրենց քաղաքական առաջնորդներու հանդէպ վախը: Հիմա նոր մթնոլորտ մը կայ, Լիբանանի մէջ հազիւ քաղաքական գործիչ մը ճաշարան կամ որեւէ հանրային տարածք յայտնուի, ցուցարարները անոնր դէմ կ'ելլեն եւ զինք կը վտարեն այդտեղէն։
-Այսօր ի՞նչ են երկրին մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգութիւնները։
Հիմա լիբանանցիներուն գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է, որ որոշ կուսակցութիւններ կը փոձեն յեղափոխութիւնը իւրացնել, բայց ցուցարարները շատ արթուն են եւ կը պաշտպանեն իրենց յեղափոխութիւնը:
Բոլոր լիբանանցիները, տարբեր կրօնքներէ եւ տարբեր կուսակցութիւններէ, մէկ ձեռք դարձած են, որ մեծ վախ սկսած է պատճառել քաղաքական առաջնորդներուն, մտածել տալով, որ եկող ընտրութիւններուն իրենց ընտրողներուն թիւը նուազի:
-Այսօր լիբանանահայութեան մօտ ի՞նչ են գլխաւոր մտավախութիւնները:
Լիբանանահայերը, միւս համայնքներուն նման, իրենք ալ մտավախութիւններ ունին, թէ ինչպէս պիտի կարենան դիմագրաւել այս տնտեսական տագնապը: Սակայն լիբանանահայութիւնը, ինչպէս գիտէք, գործուն համայնք մըն է, եւ, յատկապէս դժուար պահերուն, միշտ իրար կողքի են, տարբեր հասարակական կազմակերպութիւննր, ըլլայ հայկական կամ արաբական, եւ տարբեր բարերար անձեր, օգնութեան ձեռք կը մեկնեն հայ համայնքի ծերերուն եւ անապահով ընտանիքներուն:
Իսկ գործի վերաբերեալ, ինչպէս բոլոր լիբանանցի երիտասարդները, հայ երիտասարդները եւս մտահոգ են ստեղծուած գործի ծանր տագնապէն, եթէ այսօր աշխատանք ունեցողները սկսած են կէս դրոյքով աշխատիլ եւ կէս ամսական գանձել, մօտ օրէն, եթէ չպաշտպանենք մեր իրաւունքները, կրնանք աւելի վատ իրադրութեան մէջ յայտնուիլ եւ լրիւ գործազուրկ դառնալ:
-Լիբանանահայ երիտասարդներ կը լքեն, կը հեռանան երկրէն, ի՞նչ տուելաներ կրնաք փոխանցել այդ մասին:
Այո, մեծ թիւով երիտասարդներու երկրէն հեռանալը մեծ երեւոյթ դարձած է: Լիբանանահայերը, դժբախտաբար, միւս լիբանանցի երիտասարդներուն նման, իրենց երկիրը կը լքեն եւ այլ տեղեր կ՚երթան, աշխատանքի աւելի լաւ հնարաւորութիւններ կը փնտռեն, որպէսզի կարենան նիւթապէս իրենց ընտանիքին կողքին կանգնիլ: Լիբանանահայերը մաս կը կազմեն Լիբանանի ժողովուրդին եւ իրենք ալ բողոքի ցոյցերու կողքին են, ըլլայ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով, իրենք ալ իրենց իրաւունքները կը պաշտպանեն, անշուշտ պահելով իրենց միասնութիւնը իբրեւ հայկական համայնք:
Կրնամ ամփոփել, ըսելով, որ Լիբանանը կ'անցնի շատ դժուար տնտեսական եւ քաղաքական տագնապէ եւ այս ցոյցերը Լիբանանին կը բերեն նոր յոյս, որ դէպի լաւ պիտի երթանք, որ ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ: