«Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլա յայտնած է, որ իրենք չեն պատրաստուիր Իսրայէլի դէմ հակամարտութեան դուրս գալու, սակայն նաեւ չեն սարսափիր պատերազմէն, իսկ ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած նոր պատժամիջոցները զիրենք ճնշելու միջոց կը համարէ, Արաբական Ծոցի երկիրներուն հետ համագործակցաբար:
Հարաւային Լիբանանի ազատագրման օրուան նուիրուած իր ելոյթին ընթացքին Նասրալլա դիտել տուած է, որ թէեւ 1982-2000 թուականներուն «Հըզպալլա»ի կարողութիւնները շատ սահմանափակ էին, սակայն այն կարողացաւ յաղթանակ կնքել, իսկ թշնամին սարսափահար ետ քաշուեցաւ, անգամ իր գործակալներէն հրաժարելով:
Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան պատժամիջոցներուն, Նասրալլա շեշտած է, որ անոնք ոչ մէկ արժէք ունին, այլ պարզապէս կը միտի ճնշում բանեցնել, եւ սարսափի մատնել իրենց դաշնակիցներն ու համակիրները, որպէսզի վերջիններս հրաժարին նիւթական օգնութիւններ տրամադրելէ «Հըզպալլա»ին: