«Հըզպալլա»ի «Սարայա» ջոկատի նախկին պատասխանատուներէն մին սպաննուած գտնուած է իր տան մէջ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Սքայ նիւզ արապիք» կայանը։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ զոհուածը կը կոչուի Ալի Հաթում։ Աւելի ուշ լիբանանեան կայանը, որ պատահածը որակեց «մութ պայմաններու տակ եղած սպանութիւն» նաեւ նշեց, որ Հաթում սպաննուած գտնուած է Պէյրութի հարաւային արուարձանի «Պըրժ ալ պարաժնէ» շրջանի իր բնակարանին մէջ եւ անոր դիակին վրայ եղած են կրակոցի հետքեր։
Յիշեցնենք, որ վերջին երկու շաբաթներուն «Հըզպալլա» առաւելագոյն միջոցներ կը կիրարէ ապահովելու համար կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան անվտանգութիւնը։
Իսրայէլ երկու անօդաչու սարքեր ուղղարկած էր դէպի Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, բան մը որ բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած էր «Հըզպալլա»ին մօտ։