Շաբաթ, 23 Յունուարին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ 55 հայորդիներ ՀՅԴ ծրագրին ու կանոնագրին վրայ երդում կատարելով միացան Դաշնակցութեան շարքերուն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի կողմէ Յարութ Մկրտչեան երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը բացաւ՝ զեկուցելով , որ 69 թեկնածուներ դիմումնագիր լեցուցած էին միանալու ՀՅԴ շարքերուն: Այս խումբէն 55ը գոհացուցիչ կերպով աւարտեցին դաստիարակչական յատուկ ծրագիրը եւ 54ը, ահա՛, կը ներկայանան տալու իրենց երդումը: 55րդ նորագիրը այս օրերուն Հայաստան գտնուելու պատճառաւ իր երդումը պիտի տայ աւելի ուշ:
Մկրտչեան ապա հրաւիրեց կնքահայր, վաստակաւոր հասարակական գործիչ, ՀՅԴ Արւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Նշան Փիրումեանը որ առնէ նորագիրներու երդումը:
Կնքահայրը կարդաց երդումը եւ բոլոր նորագիրները կրկնեցին բառերը. «Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Նորագիրներու երդումը առնելէ ետք, Նշան Փիրումեան փոխանցեց իր պատգամը:
Ես անչափ բախատաւոր կը զգամ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակին, կնքահայր կը դառնամ այսպիսի մեծաթիւ խումբի մը, որու կէսը ամերիկածին, նոյնպէս կէսը եկած է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերէն, որու մեծամասնութիւնը իգական սեռին կը պատկանի, ըսաւ կնքահայրը:
Նկատելով, որ նորագիրներէն քսանը պիտի միանան ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութեան, Փիրումեան շեշտեց կարեւորութիւնը շրջանիս տասնեակ հազարաւոր ուսանողները հայկական իրականութեան հետ հաղորդակից դարձնելու աշխատանքին:
Իր խօսքը ուղղելով նորագիր հայուհիներուն, Փիրումեան նշեց, որ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարիներուն, մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումը, հայ կինը միշտ մասնակից եղած է կուսակցական աշխատանքին: Սակայն սփիւռքի մէջ այդ աւանդութիւնը նահանջ արձանագրած է եւ հայ կինը միշտ ուղղորդուած է ծառայելու Հայ Օգնութեան Միւթեան մէջ, ուր ան հիանալի աշխատանք տարած է: Ժամանակն է, որ մեր կուսակցութեան մէջ մեծնայ հայ կնոջ դերն ու մասնակցութիւնը:
Կնքահայր Փիրումեան նորագիրներուն փոխանցեց իր կազմակերպական հարուստ փորձէն բխած խորհուրդներ:
«Շատ դիւրին է Դաշնակցութեան անդամակցելը, շատ դժուար է Դաշնակցութեան մէջ մնալը», շեշտեց Փիրումեան:
Կնքահօր պատգամէն ետք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ խօսք առաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որու խօսքը ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ:
Նորագիր ընկերներ եւ ընկերուհիներ,
Բարի եկաք Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴի շարքերը: Բարի եկաք եւ վարձքերնիդ կատար, որ ունեցա’ք յանդգնութիւնն ու քաջութիւնը միանալու մեր աշխարհով մէկ տարածուն եւ գործօն կուսակցութեան, եւ ձեր ներկայութիւնը շեշտաւորելու մեր ամէնօրեայ պայքարի պատնէշներուն եւ դիրքերուն վրայ:
69ով սկսաք ձեր դաստիարակչական դասնթացքը եւ 55ով աւարտեցիք՝ դառնալու մեր կուսակցութեան 125ամեակի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Արեւմտեան Ամերիկայի հունձքը: Երեւոյթ մը որ խորհրդանշական իմաստներով առլցուն է է: Դուք առիք բառացի’օրէն ա’յն երդումը որ ձեզմէ առաջ տասնեակ հազարաւորներ առած են 125 տարիներու ընթացքին Երկրի, Արցախի եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարբեր քաղաքներուն մէջ, բայց դուք զայն առիք 2016ին Լոս Անճելըսի մէջ: Եւ ահա հո’ս է որ իմաստը առնուազն նոյնքանով է որ կ’արժեւորուի, եթէ ո’չ աւելի: Դո’ւք հայրենիքի հողէն հեռու, սակայն նո’յն կանչով, դո’ւք 21րդ դարու այս ապազգայնացնող ժխորին մէջ, սակայն նո’յն հաւատքով, դուք աշխարհայնացման այս թոհ ու բոհին մէջ, սակայն նոյն կորովով, ըսի’ք եւ եղա’ք դաշնակցական: Եւ 21րդ դարու գիտելիքներով, արհեստագիտութեամբ ու նորարարութիւններով օժտուած ձեր բազուկներուն իմաստ պիտի տաք, եւ ձեր հոգիները հարստացնէք Դաշնակցական գործերով, բնականաբար հարստացնելով նաե’ւ մեզ ու մեր վիթխարի կուսակցութիւնը նորանոր նուաճումներով, յաջողութիւններով ու իրագործումներով: Մի’շտ ունենալով իբրեւ նպատակ ծառայել Հայաստանին ի’ր Արցախով: Մի’շտ ունենալով բռնագրաւուած մեր հողերու եւ իրաւունքներու վերադարձը իբրեւ կիզակէտ: Մի’շտ մեզի պարտադրուած Սփիւռքի կարիքներուն հասնիլը ունենալով իբրեւ անխնայ մտահոգութիւններու կեդրոն, ուր նահանջը արտօնելը դուք նկատէք անսակարկելի եւ անշրջանցելի կարմիր գիծ:
Ահա այս է մեր թելը, ա’յս է մեր տեսակը, ա’յս է մեր տեսլականը, որ իրենց կեանքի’ն գնով հերթաբար պահեցին մեզ նախորդողները, կը պահպանենք մենք այսօր, եւ ի միջի այլոց նաեւ կը փոխանցենք ձեզի որպէսզի դո’ւք զանոնք զարգացնէք այսօր եւ օրերուն գալիք:
Ձեր այս հունձքը կը յատկանշուի իր ուսանողներու մեծ փաղանքով, ինչպէս նաեւ իր ամերիկածիներու թիւով եւ իր առողջ հաւասարակշռութիւն պարունակող երկսեռ բաղադրութեամբ: Եկէ’ք, տուէ’ք ուսանողականին եւ յաղթահարեցէ’ք մարտահրաւէրները: Տուէ’ք Հայ Դատին ու նուաճեցէ’ք նորանոր բարձունքները: Տուէ’ք ամենուրէք եւ մի’ սպասէք որեւէ փոխադարձի, որովհետեւ ձեր հոգեկան բաւարաութիւնը եւ ամբողջական մարդ զգալու իրականութիւնը ձեզ պիտի համակէ եւ նորանոր գագաթներու մղէ եւ առաջնորդէ: Մի’ ակնկալէ’ք Դաշնակցութենէն ստանալ որեւէ բան: Այլ նայեցէ’ք թէ դու’ք ի՞նչ պիտի տաք ձեր ազգին եւ հայրենիքին՝ Դաշնակցութեան ընդմէջէն: Պիտի ունենաք տաք օրեր ու պաղ, յաջոշ գործեր ու ձախող, պիտի ապրիք հիասթափութիւններ ու վերելքներ, սակայն ձեր Դաշնակցականի երդումը պարտի մնալ հաստատ ու անսասան:
Այսօր մարդ հասկացողութենէն վերածուեցաք գլխագիր Դաշնակցական Մարդու: Եղաք յանձնառու Դաշնակցական Հայեր: Արիւմտեան Ամերիկայի Դաշնակցական մեծ ընտանիքին կողմէ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին անունով բարի գալուստ եւ յաջող ճանապարհ կը մաղթեմ ձեր Դաշնակցականի երթին: Մենք միասնաբար, եւ այսօր աւելի հզօրացած կը շարունակենք մեր տեսլականի իրագործումը, ձեր իսկ հետ: Կեցցէ’ք եւ կեցցէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ