Ժամեր առաջ հրթիռարձակման ենթարկուած է Դամասկոսի հին թաղամասերէն համարուող «Պապ Թումա» շրջանը: Այս մասին լուրը փոխանցեց Սուրիոյ պետական ալիքը նշելով նաեւ, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են 5 անձեր: Գրանցուած են նաեւ վիրաւորներ:
Յիշեցնենք, որ «Պապ Թումա» շրջանը կը համարուի քրիստոնեաներով բնակեցուած թաղամաս մը, որուն հարեւանութեամբ կը գտնուին Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի շէնքն ու ՀՄՄ-ի ակումբը: