image
Հրատապ լուրեր:

Հնչակեան Երիտասարդներ Այցելութիւն Տուին Սարգիս Տխրունիի Շիրիմին

Հնչակեան Երիտասարդներ   Այցելութիւն  Տուին Սարգիս Տխրունիի Շիրիմին

Հնչակեան երիտասարդներ   երէկ Կիրակի   18 Յունուարին  այցելութիւն տուած են  Հնչակեան գործիչ Սարգիս Տխրունիի  «Ֆըրն  ալ Շըպաք»ի  Ազգային Գերեզմանատան մէջ գտնուող շիրիմին: Նշենք, որ    նախքան շիրիմ այցելելը ներկաները, որոնց շարքին Հնչակեան կուսակցութեան պատասխանատուներ  մասնակցած էին  Նոր Հաճնոյ  Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ    յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցած   հոգեհանգստեան արարողութեան:  Շիրիմին շուրջ ելոյթներով հանդէս եկած են ՍԴՀԿ  «Տխրունի Ուսանողական միութեան»   ներկայացուցիչ՝    Տիգրան Միհրանեան եւ   ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ  ՝   Տիար Կիրակոս Թիւթիւնճեան: ՍԴՀԿ   ուսանողական միութեան   համար աւանդոյթ  է ամէնամեայ դրութեամբ այցելել Հնչակեան   գործիչի շիրիմ:  Իր  ձախակողմեան     կեցուածքներով  յայտնի գործիչը   սպաննուած էր 1929-ին   Պէյրութի մէջ    զոհ երթալով  եղբայրասպան   գնդակի մը: ՝