Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյանութեան աւարտական մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիաս այսօր համոզիչ յաղթանակ մը տարած է Ռիատի խումբին դէմ եւ հանդիսացած ախոյեան: Խաղը աւարտած է 61-54 արդիւնքով: Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէր Ռիատին եւ երրորդ յաղթանակը արձանագրելով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: