image

Հիւսիսային քորէացի զօրավարին ուղղուած Թրամբի ողջոյնը քննարկման առարկայ դարձած է

Հիւսիսային քորէացի զօրավարին ուղղուած Թրամբի ողջոյնը քննարկման առարկայ դարձած է

ԱՄՆ նախագահ Թրամբ սուր քննադատութիւններու ենթարկուած է այն բանէն ետք, երբ համացանցի էջերուն տարածում գտած է տեսագրութիւն մը, ուր վերջինս Քիմ Ճոնկի ներկայութեամբ կ'ողջունէ Հիւսիսային քորէացի զօրավարներէն մէկը:

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան համաձայն, տեսագրութիւնը կը վերաբերի Սինկափուրի մէջ Թրամբ-Քիմ Ճոնկ հանդիպման, ուր Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարն իր երկրի զօրավարը կը ներկայացնէ Թրամբին, վերջինս իր ձեռքը երկարելով կը փորձէ ձեռնուիլ, սակայն զօրավարը զինուորական ողջոյնի շարժում կ'ընէ, որուն Թրամբ նոյնանման շարժումով կը պատասխանէ:

Դէպքին առթիւ Թրամբի հակառակորդները բուռն կերպով քննադատած են զինք, նշելով, որ ան մեծ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերած է մարդու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ մեղադրուող Քիմ Ճոնկին, շեշտելով, որ վերջինս առանց որեւէ պարտաւորուածութեան Թրամբէն շատ զիջումներ ձեռք բերաւ: