Թուրքիա- Յատուկ ջոկատայիններ կոտրած են Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի (Տէրիք) Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դուռը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Անգարայի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ թուրք յատուկ ջոկատայիններ, կոտրելէ ետք եկեղեցւոյ մայր դուռը, եկեղեցի մտած եւ հոն գտնուող իրերը (Սուրբ գիրքեր, աթոռներ, եկեղեցական սպասք) գետին շպրտած են: Մինչեւ այս պահը թրքական մարմիններ կը զլանան բացատրութիւն տալ նմանօրինակ վանտալային արարքին: Նշենք, որ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, որ յայտնի է նաեւ Կարմիր եկեղեցի անուանումով, կը գտնուի անբարեխնամ վիճակի մը մէջ: Մշակութային ժառանգութիւններ պահպանող «Եւրոպա Նոսթրա» կազմակերպութիւնը եկեղեցին ներառած էր վտանգուած եւ շտապ վերանորոգման արժանի եկեղեցիներու իր ցուցակին մէջ: Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կառուցուած է 5-րդ դարուն:
