Քրտամէտ HDP կուսակցութեան բանտարկուած առաջնորդներուն այցելութիւն տալու դիմումները մերժուած են: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Democrat Haber» կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ դանիական եւ նորվէկիական երկու պատուիրակութիւններ դիմում ներկայացուցած են Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւն, բանտարկուած երկու գլխաւոր առաջնորդներուն՝ Ֆիկէն Եուքսէքտաղի եւ Սալահէլտին Տէմիրթաշի այցելելու վերաբերեալ: Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ այցելութեան դիմումները մերժուած եւ ետ վերադարձուած են Թուրքիոյ արդարադատութեան կողմէ:
Նշենք, որ նշեալ կուսակցութեան 9 առաջնորդներ, որոնց մէջ կուսակցութեան երկու համանախագահները անցնող 4 նոյեմբերէն ի վեր կը շարունակեն բանտարկուած մնալ:
Անոնց PKK-ի հետ անմիջական կապեր ունենալու մեղադրանքը ցարդ չէ ապացուցուած: