image

Հայկական դպրոցները վաղը եւս պիտի փակեն իրենց դռները

Հայկական  դպրոցները  վաղը  եւս  պիտի   փակեն իրենց  դռները

Լիբանանի  տարածքին գտնուող  բոլոր  վարժարանները   վաղը` երկուշաբթի       21.10.2019-ին  փակ պիտի պահեն իրենց դռները։ 

Այս մասին  «Արեւելք»   տեղեկութիւն   ստացաւ  Պէյրութէն։ 

Մեր աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, որ արաբական  պետական,  թէ անհատական    վարժարաններու կողքին  հայկական  վարժարանները նոյնպէս  փակ պիտի պահեն իրենց դռները։ 

Յիշեցնենք,  որ վաղը       Լիբանանի  մէջ ծայր առած     բազմածաւալ ցոյցերու   5-րդ օրն է: Հազարաւոր քաղաքացիներ կը պահանջեն  վարչապետ Սաատ  Հարիրիի եւ անոր  ղեկավարած  կառավարութեան   արագ  հրաժարականը։ 

Կը սպասուի  նաեւ, որ  վաղը երեկոյեան Սաատ   Հարիրի խօսի լիբանանցիներուն եւ   իր  վերջնական որոշումին մասին յայտարարէ։

 

Լուսանկարը ՝ Պէյրութի  «Հայկազեան»  համալսարան