image

Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին փոխանցեցինք նախագահ Ասատի ողջոյնները. Սուրիացի երեսփոխան

Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին  փոխանցեցինք նախագահ Ասատի ողջոյնները. Սուրիացի երեսփոխան

«Մենք  Հայաստան ապրող սուրիահայերուն փոխանցեցինք  նախագահ Պաշշար Ասատի  ողջոյններն ու սէրը»,- «Արեւելք»-ին յայտնեց Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ  Օմար Ալ Արուպ, աւելցնելով, թէ  ինք  Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն աչքերուն մէջ արցունք եւ կարօտ   տեսաւ:

Երիտասարդ խորհրդարանականին կարծիքով, ճիշդ է, որ  սուրիահայերըիրենց հայրենիքին մէջ են, սակայն կ’ուզեն վերադառնալ Սուրիա, եւ վերակառուցել իրենց  ծննդավայրը, որովհետեւ հոն ծնած են, հոն ապրած են:

Արրուպ յայտնեց՝ այս իր 5-րդ այցն է Հայաստան, որ կը հետապնդէ տարբեր նպատակներ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ սուրիահայ աշակերտութեան, նաեւ հալէպահայութեան հետ: «Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն, սակայն առաւելաբար Հալէպէն փախուստի դիմած մեր հարազատներուն հանդիպելու եկած ենք»,- շեշտեց ան, աւելցնելով որ օրակարգի վրայ ունէին շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ՝ համայնքի պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ:

Խօսելով Հալէպի ներկայ իրավիճակի մասին, ան յայտնեց, թէ 10 օր առաջ Հալէպ կը գտնուէին, ուր տեսած են որ մեծ պատրաստութիւններ կը տարուին եւ տրամադրութիւնները շատ բարձր են: «Աննկուն կամք եւ վճռականութիւն կար Հալէպի մէջ, յաղթանակէն բացի այլընտրանք չկայ, որովհետեւ իրաւատէր ենք: Վերջին երկու օրերուն իրավիճակը շատ լաւ է: Բանակը կարեւոր յառաջընթաց արձանագրած է: Վճռակամութիւնը ակնյայտ է, թէ՛ վարչակազմի, թէ՛ բանակի եւ թէ՛ ժողովուրդի մակարդակով, որովհետեւ հոնկէ է, որ պիտի սկսի Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը»,-ըսաւ ան, ընդգծելով, որ Հալէպի պատերազմը, ինչպէս բոլորին յստակ է, շատ բարդ պատերազմ է, միջազգային միջամտութիւններն ու համաշխարհային հետաքրքրութեան կեդրոն է Հալէպը:

Ան նշեց, որ դժբախտաբար, միջազգային Ապահովութեան խուրհուրդը  եւ  արեւմտեան ուժերն ու  մասնաւորապէս ԱՄՆ-ը արդար չեն, օրինակ տալով, որ երբ ահաբեկիչները հրթիռներ կը տեղացնէին  Հալէպի անմեղ քաղաքացիներու վրայ, ոչ ոք կը մեկնաբանէր եղածը, սակայն երբ օրինական բանակը կը պաշարէ Հալէպը, ահաբեկիչնեուն շրջափակման երթարկելու համար, անոնք կը հնչեցնեն եւ մարդկային իրաւունքներու խախտում կը նկատեն եղածը: «Անոնք երկու կշիռքով կը կշռեն: Իրենք ահաբեկչութեան հովանաւորներն են, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, իրենց ետին ունենաով Ամերիկան, իրենք են, որ կը դիւրացնեն ահաբեկիչներուն գործը: Որեւէ մէկ տեղ, որ ահաբեկչական յարձակում  կը կատարուի, դատապարտումներու ալիք կը բարձրանայ, սակայն այսօր այդ ահաբեկիչները 6 տարիէ ի վեր կը   հարուածեն Սուրիան եւ այդ առումով  որեւէ ամբաստանութիւն չկայ: Ընդհակառակը, անոնք զանազան մեղադրանքներ կը տեղացնեն մեր վարչակարգի գլխուն»,-ըսաւ երեսփոխանը, աւելցնելով, որ այսօր Սուրիոյ վրայ  ծրագրաւորուած վեց տարիներէ ի վեր շարունակուող պատերազմին թիրախ դարձուցած  են Սուրիոյ մշակոյթն ու ժողովուրդի միասնականութիւնը:

Երեսփոխանը սակայն երբեք յուսահատ չէ իրավիճակէն: Ան պնդեց, որ տրամադրութիւնները շատ բարձր են եւ կամքի եւ վճռակամութիւնը կայ՝ ահաբեկչութիւնը տապալելու, եւ դառնալու նախկինէն աւելի ուժեղ: Անոր կարծիքով Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Ասատը դարձած է իրաւունքի, պատուաւոր քաղաքացիի եւ արդարութեան համար  իւրաքանչիւր  պայքարողի խորհրդանիշը, «Ան այս ժողովուրդի զաւակն է եւ Սուրիոյ նաւը դէպի ապահով ափ առաջնորդողը: Սուրիոյ բաժանման կամ դաշնային երկիր դարձնելու ծրագիրները շատ են, սակայն յաղթողը՝ իրաւունքը պիտի ըլլայ, նախագահը եւ բանակը՝ պիտի ըլան: Սակայն ինչպէս նախագահ Ասատ ըսաւ այս պատերազմին յաղթող չկայ, բոլորը կը վնասեն: Սակայն խորհրդանշական կերպով՝ մենք պիտի յաղթենք եւ պիտի տապալենք ահաբեկիչները »,- ըսաւ ան:

«Արեւելք»-ի զրուցակիցը խօսելով ընդհանուր արաբական հարցի եւ Սուրիոյ տագնապի փոխկապակցուածութեան մասին, բացայայտեց, թէ 2004-ին, Իրաքի գրաւումէն ետք, ԱՄՆ նախագահի օգնականը Դամասկոս այցելած էր եւ հանդիպած նախագահ Ասատի հետ, իր հետը բերելով պայմաններու շարք մը, որոնք կտրականապէս մերժուեցան Սուրիոյ նախագահին եւ կառավարութեան կողմէն: «Պայմաններէ աւելի, անոնց բերածը թելադրանքներ էին: Անոնք կ’ուզէին, որ Սուրիոյ  պաղեստինեան փաղանգներէն ձերբազատուի եւ դիմադրութեան չ'օժանդակէ, այսինքն, հրաժարիլ արաբական դատի պահանջներէն»,- ըսաւ ան, նկատել տալով, որ այսօր Սուրիան հարուածելը կը միտի  արաբներու  հայեացքները պաղեստինեան դատէն  հեռացնելու, որպէսզի Սուրիա իր հարցերով զբաղի եւ մոռնայ պաղեստինի եւ արաբական հարցի մասին, շեշտելով, որ անոնց նպատակն էր նաեւ «Պաաս» կուսակցութիւնը հարուածել, որովհետեւ ան ազգայնական ընկերվարական կուսակցութիւն է, որուն նշանաբանն է՝ արաբական  ընդհանուր միութիւն: «Պատերազմի սկիզբէն լրատուամիջոցները կը յարձակէին Սուրիոյ, անոր խորհրդանիշին՝ նախագահ Ասատին եւ իշխող կուսակցութեան վրայ: Սակայն, մինչեւ այս պահը, մենք վճռած ենք տապալել ահաբեկչութիւնը, եւ  պահպանել  պայքարի իսկական ուղեցոյցը, որ Պաղեստինն է: Այսօր մենք աւելի խոր կերպով կառչած ենք մեր արաբականութեան», ըսաւ ան, շեշտելով, որ Սուրիան այսօր կը պայքարի բոլոր արաբական երիրներու փոխարէն, բոլորին պատիւըփրկելու համար:

Երեսփոխանը նաեւ յայտնեց, որ  արաբական կառավարութիւններէն շատեր չեն ներկայացնէր իրենց ժողովուրդները, սակայն  արաբ ժողովուրդը տակաւին կը հաւատայ իր ազգայնականութեան, իր դատին, իր արաբականութեան եւ հաւանաբար տակաւին յոյսի նշոյլ մը կայ՝ արաբական միացումն ու միասնականութիւնը կերտելու: «Մենք, իբր սուրիացիներ, կը շարունակենք հաւատալ արաբական դատին եւ Պաղեստինի ազատագրման: Մենք իրաւատէր ենք: Մենք ենք այս հողին տէրը: Իսրայէլական կառոյցը բռնատէր մըն է եւ  այս մարմնին մաս չի կազմեր: Մեր միասնականութեան տարբեր կռուաններն են՝ մէկ լեզու, մէկ մշակոյթ, մէկ հող եւ մէկ թշնամի: Սուրիա, այսօր, կը պայքարի բոլոր արաբներու փոխարէն, անոնց արժանապատուութեան համար: Դժբախտաբար, իւրաքանչիւր արաբական երկրի մէջ պատերազմներ, խնդիրներ ու տագնապներ ստեղծուեցան, շեղելու մեզ մեր հիմնական ու կեդրոնական նպատակէն՝ պաղեստինեան դատէն»,- ըսաւ ան, նշելով, որ ցաւ ի սիրտ Թուքրիոյ Քաթարի Սէուտական Արաբիոյ նման կարգ մը երկիրներ, որոնք բարեկամաբար մօտեցած էին Սուրիոյ,  յանկարծ փոխեցին իրենց դիրքերը եւ սկսան օսատարել ահաբեկչութեան:

Ակնարկելով Հայաստանի կեցուածքին Սուրիոյ ճգնաժամին նկատմամբ, երեսփոխան Ալ Արուպ «Արեւելք»-ի ընթերցողներուն ըսաւ, որ Հայաստան  միշտ իրաւունքի կողքին է: Հայաստան խաղաղասէր երկիր է, որ համերաշխութիւն կը ցանկայ: Ան կ’ամբաստանէ Սուրիոյ մէջ եղած ահաբեկչութեան սատարումն ու զինումը, իր ամէն հատուածներով՝ պաշտօնական, քաղաքական, կրօնական եւ ժողովրդական, վստահեցնելով թէ հանդիպումներու ընթացքին երբեք կարիք չէ զգացած բացատրելու սուրիական հողին վրայ իսկական պատահածը, որոհետեւ հայերը արդէն քաջատեղեակ էին այդ բոլորի մասին: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի եւ պետութեան կեցուածքներու նոյնութեան, ան ըսաւ. «Հայաստանի պաշտօնական կեցուածքը  արտացոլումն է՝  Հայաստանի ժողովուրդի կեցուածքին եւ ցոյց կու տայ ժողովուրդ-պետութիւն փոխկառչածութեան: Մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ իւրայատուկ են, մշտական համակարգման եւ երկխօսութեան ընթացքի մէջ են: Ժողովրդային, քաղաքական եւ տնտեսական յարբերութիւններ կան երկու երկիրներուն, կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ: Ամենակարեւորը, որ նոյն հայեցողութիւնը ունինք  դէպքերուն առնչութեամբ»,- ըսաւ ան, յիշեցնելով, թէ քանի մը ամիս առաջ հայկական  խորհրդանական պատուիրակութիւն մը այցելած էր՝ Դամասկոս եւ հանդիպած նախագահին: Երեսփոխանը մատնանշեց նաեւ, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը  կը  դատապարտեն հայակական ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս նաեւ վերջերս սուրիական խորհրդարանի անդամ ընտրուած են Հալէպէն եւ Դամասկոսէն սուրիահայ երկու երեսփոխաններ: Ան շեշտեց, թէ մշտական այցերը պիտի շարունակուին եւ գործի պիտի անցնի հայ-սուրիական բարեկամութեան միութիւնը, նշելով, որ մօտ օրէն պատուիրակութեամբ մը Սուրիա այցելելու պաշտօնական հրաւէր մը պիտի ստանայ Հայաստանը:  «Սուրիոյ մէջ ամենագեղեցիկ բանը անոր բազմազանութիւնն է: Մեր երկիրը հսկայ  հարստութիւն պարգեւող խճանկար մըն է, առանց որուն Սուրիան կը   կորսնցնէ իր արժէքը  եւ  վերածուի  ուրիշ երկրի:Առանց այս բազմազանութեան, ան կը դադրի մեր սիրած Սուրիան ըլլալէ, որուն գոյատեւման համար կը պայքարինք: Յոյսով ենք, որ շուտով յաղթանակը կ’իրականանայ, բոլորը կը վերադառնան Սուրիա եւ միասին կը վերաշինենք  երկիրը»:

«Արեւելք»-ին հետ իր զրոյցին աւարտին սուրիացի երեսփոխանը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի նախագահին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին, որոնք սրտաբաց կերպով ընդունեցին Սուրիայէն հասած հայրենակիցները եւ անոնց հանդէպ մեծ յարգանք եւ սէր ցուցաբերեցին: