image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի ոչ Քրիստոնեայ Վարդավառը

Հայաստանի ոչ Քրիստոնեայ Վարդավառը

«Զիլ Խօսք»էն կը   կարդանք ՝

 

«Կը զարմանամ, ինչպէս կարելի է յղի կնոջ մը    այդքան անակնկալ եւ յարձակողական  ոճով  ջուր սրսկել»  կը  պատմէ    պատմաբան ընկեր մը, ըսելով  նաեւ, որ «ես  աչքերովս  տեսայ, թէ ինչպէս յղի  կինը կը նուաղէր  եւ  վատ դրութեան մէջ կը յայտնուէր...»

Հայաստանի մէջ   նման երեւոյթները   դարձած են բնական:  Վարդավառի   տօնին  հետ կապուած   ծանօթներու,  բայց մանաւանդ  անծանօթներու վրայ ջուր սրսկելու, այն ալ վնաս  հասցընելու, զարմանք  ապրեցնելու, անակնկալ մը ըրած ըլլալու «հերոսութիւն»ը  դարձած է ընդունելի բան մը: Ու այս տհաճ խաղին մէջ,  տուժողներն են, որ անխօս ու լուռ կը  հեռանան խաղէն...

 Պատրուակը    Քրիստոսի պայծառակերպութեան  տօնն է, որ  սակայն    ոչ մէկ աղերս ունի  մեր աչքին առաջ  եղածներուն հետ:

Իրօք Քրիստոս այդպէս թելադրե՞ց:

Քրիստոս ըսաւ, ծանօթ- անծանօթիդ   յիմարօրէն    ու  վնաս հասցընելու  չափ      ջուր թափէ,  վախցուր, անակնկալի  բե՞ր:

Անշուշտ՝ ո՛չ:

Եթէ  ջուրը օրհնութեան եւ  մաքրուելու    խորհրդանշիշն է, ապա   ուրեմն    այս մօտեցումները  չեն ծառայեր  ջուրով  մաքրուելու, ջուրով    վերափոխուելու, ջուրով  նորանալու իմաստներուն:

Ոչ միայն  Կովասեան տարածաշրջանին, այլ ամբողջ  աշխարհին մէջ  ջուրը  կենսական      է:  Անոր էական        դրոյթը եւ պէտքը      պիտի մղեն  շրջանի ժողովուրդները նոր պատերազմներու  երթալու:

Ու այս բոլորին դիմաց   ջուրով հարուստ մեր երկիրը  կը շարունակէ բոլոր  իմաստներով  մսխել      բնութեան  կողմէ մեզի տրուած   այդ   կենարար պաշարը:

Բարոյախօսական  մօտեցումներէն անդին, Հայաստանի մէջ   Վարդավառի տօնին   ընթացքին ջուրին հանդէպ մարդոց ունեցած  անհոգ  վերաբերմունքը   կը մատնէ  նաեւ, որ  անոնք, ոչ միայն չեն գիտեր, թէ ինչ կ'ընեն... այլ  նաեւ   հետաքրքրուած  ալ չեն  մեր երկրի ունեցած  պաշարներուն  պիտանի   օգտագործմամբ: Այս բոլորէն  զատ    ճշմարտութիւն է նաեւ, որ Հայաստանեայց եկեղեցին  ալ  այս   տհաճ   եւ ձեւական   եղանակներուն դիմաց  կը շարունակէ իր լռութիւնը:  Իսկ հեթանոսական շրջանին (տրուած  ըլլալով, որ    այս տօնը կը վերագրուի   հեթանոս  հայերու  ժամանակներէն մեզի հասած  տօնի մը), վստահ  պէտք   է ըլլալ, որ   մեր ժամանակներէն  շատ առաջ   այս տօնով ուրախացող եւ բնութեան  շնորհակալութիւն  յայտնող  հեթանոս մեր նախնիները  վստահաբար  այսօրուան յիմար   ձեւերով   «ջուրի խաղեր»  պիտի չխաղային: 

Ամէն պարագայի,  այս տարի ալ  Վարդավառը նոյն կերպ  պիտի նշուի ու  պատահական  մարդիկ ու անցորդներ   հերթական անգամ  պիտի դառնան  զոհը այս «տհաճ խաղին»:

Հայ  եկեղեցին ալ պիտի փորձէ ամէն  գնով   իր շարքերուն  մէջ նոր   հաւատացեալներ համալրելու   համար լուռ մնալ   այս տհաճ երեւոյթին  դիմաց ու հերթական  անգամ Քրիստոսի  պայծառակերպութեան   աստուածային  խորհուրդին  մասին խօսելով      «օրինականութեան»  շպար մը  քսել  «նոր հայերու»         անտեղի   արարքներուն:

Ոչ ոք, դէմ է, որ  Հայաստան աշխարհն ու հայութիւնը փառաբանեն  դարիւ-  դարիւ մեր   ցասումին ու     ցեղի   խորհուրդներուն  հետ հոսած ու ապրած   ջուրի   էութիւնը: Մենք  սակայն, դէմ  պէտք է ըլլանք այդ     սրբող  ու մաքրող  ջուրը մսխելուն:

Աշխարհը արիւնով պատող  եւ հերոսական  Արցախի   երկինքի  սեւ ամպեր կուտակող նաւթի դարաշրջանը իր     մայրամուտին  կը մօտենայ: Ու ատոր դիմաց  պիտի  երեւի «ջուրի դարաշրջան»ի արեւը, որ  պիտի ըլլայ բարութեան եւ օրհնութեան շնորհներ  տուող    շրջան մը  ամբողջ մարդկութեան համար: Ջուրը  սեւ նաւթին դիմաց միակ   ուժ ունեցող զէնքն է: Այդ մասին պէտք է մտածենք:   Հայաստան աշխարհի մէն մի կաթիլ ջուր մեր ուշադրութեան     արժանի   պէտք է ըլլայ: 

 

 «Զիլ  Խօսք»