image

Հայաստանի կրթական հաստատութիւնները մէկ շաբաթով փակ պիտի մնան

Հայաստանի կրթական  հաստատութիւնները   մէկ շաբաթով  փակ  պիտի մնան

 Հայաստանի Հանրապետութեան  տարածքին  գործող կրթական  բոլոր հաստատութիւնները մէկ շաբաթով   փակ պիտի մնան։

 

 Այս  մասին  քիչ առաջ ուղիղ  եթերով  յայտարարեց  ՀՀ վարչապետ Նիկոլ  Փաշինեանը։

 

 Փաշինեան, որ նաեւ խօսեցաւ  Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած  «Քորոնա»  վարակին   մասին  նոյնպէս նշեց, որ     ոչ մէկ   մտավախութեան   առիթ  չկայ հաւատացնելով,  որ  ինչպէս  այլ առիթներու այս առթիպ  Հայաստանի  ժողովուրդը  յաղթանակած դուրս   պիտի գայ։

 

 Վարչապետը նաեւ նշեց, որ ինք   պիտի այցելէ  կարգ մը  դեղարաններ  մօտէն   պարզելու համար, թէ  ինչ իրավիճակ կը տիրէ  այդ  հաստատութիւններուն մէջ։