image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի երրորդ նախագահը հանդէս պիտի գայ մամլոյ ասուլիսով

Հայաստանի երրորդ նախագահը հանդէս պիտի գայ մամլոյ ասուլիսով

19 Օգոստոսին, ժամը 12:00-ին ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը կը հրաւիրէ պաշտօնաթողութենէն ետք իր առաջին մամուլի ասուլիսը՝ 2016 թուականի Ապրիլեան պատերազմի թեմայով, ինչպէս խոստացած էր խորհրդարանին մէջ հաւատարմագրուած լրագրողներուն՝ 16 ապրիլի 2020-ին ՀՀ ԱԺ քննիչ յանձնաժողովի նիստէն առաջ:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ երրորդ նախագահի գրասենեակէն։

Մամուլի ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ բացօթեայ կանաչ հատուածին մէջ:

Ասուլիսի ընթացքին մասնակիցներու համար ապահովուած պիտի ըլլան արտակարգ դրութեան իրավիճակէն բխող հակահամաճարակային անհրաժեշտ պայմանները: