image

Հարիրիի «ոխերիմ թշնամի»ն անոր խորհուրդներ տուած է

Հարիրիի «ոխերիմ թշնամի»ն  անոր խորհուրդներ տուած է

Կառավարութեան կազմը որոշելու ուղղութեամբ իրականացուող քննարկումներու ծիրին մէջ լիբանանցի պատգամաւոր Ճամիլ Ալ Սայյէտ հանդիպում ունեցած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որուն աւարտին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է, թէ հանդիպումն ընթացած է շատ հանգիստ պայմաններու մէջ:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը, վկայակոչելով Ալ Սայյէտի յայտարարութիւնը, նշած է, թէ վերջինս Հարիրիին խնդրած է, որ կառավարութեան կազմը հնարաւորինս ընդարձակ ըլլայ, որպէսզի բոլոր քաղաքական հոսանքները կարողանան մաս կազմել անոր:

Անդրադառնալով արդարադատութեան ոլորտին մէջ անցեալին տեղի ունեցած բացթողումներուն, սուտ մատնութիւններուն, ապօրինի ձերբակալութիւններուն, Ալ Սայյէտ Հարիրիին դիմած է նաեւ Արդարադատութեան նախարարութիւնն իրենց յանձնելու խնդրանքով, որպէս փոխհատուցում անցեալի անարդարութիւններուն:

Հանդիպման աւարտին, կողմերը պայմանաւորուած են համագործակցութիւն ցուցաբերել, յանուն երկրի զարգացման ու բարգաւաճման, անկախ իրենց քաղաքական հայեացքներու միջեւ առկայ տարբերութիւններուն: