image

Հանրահաւաք կայացնելու իրական պատճառներ չկան. Լիլիթ Մակունց

Հանրահաւաք  կայացնելու իրական  պատճառներ չկան. Լիլիթ Մակունց

«Զիս չանհանգստացներ ընդդիմութեան կողմէ յայտարարած հանրահաւաքը»,-այս մասին ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը՝ խօսելով «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայրենիք» եւ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու հրաւիրած համատեղ հանրահաւաքի մասին:

«Իմ համար այդ հանրահաւաքներն իրականացնելու պատճառները անհիմն են: Ի հարկէ, այդ ընդդիմադիր ուժերու իրաւունքն է, բայց այն պատճառաբանութիւնները, որոնք անոնք կը բերեն հանրահաւաքը կազմակերպելու համար, անհիմն են»,-ըսած է ան:

Խօսելով այն տեղեկութիւններու մասին, որ խմբակցութեան պատգամաւորներէն մի քանին կը պատրաստուին մանտաթը վար դնել, Մակունցը նշած է, որ հարցերը պէտք է այդ պատգամաւորներուն տալ, եւ քանի որ պատգամաւորներէն շատերը արդէն հերքած են այդ լուրը, վերջինս հարցին անդրադառնալը աւելորդ համարած է:

«Խմբակցութեան մէջ որեւէ լուրջ խնդիր չկայ: Մենք պէտք է համակերպուած ըլլանք, որ մեր խմբակցութեան մէջ տարբեր հարցերու հետ կապուած կրնան ըլլալ տարբեր մօտեցումներ, եւ ես այստեղ խնդիր չեմ տեսներ: Նորմալ է, բնական է»,-ըսած է Մակունցը:

Հարցին, թէ արդեօք Մակունցը կը բացառէ, որ առաջիկային մանտաթը վար դնող պատգամաւորներ ըլլան, Մակունցը պատասխանած է, որ բռնապետական համակարգի մէջ չեն գտնուիր եւ չի կրնար որեւէ պատգամաւորի մանտաթի հետ կապուած կարծիք յայտնել: