Հալէպի ազատագրումէն ընդամէնը տարի մը անց քաղաքը կը պատրաստուի տնտեսական մեծ իրադարձութիւն հիւրընկալելու, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, 5-11 մայիսին աւելի քան 500 սուրիական, արաբական եւ միջազգային ընկերութիւն պիտի ուղղուին Հալէպ, մասնակցելու համար Հալէպի միջազգային առաջին ցուցահանդէսին, իր տեղի պիտի ունենայ Համտանիէ մարզադաշտին մէջ:
Ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպուի շարք մը նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերութեան ու առեւտուրի պալատներու հովանաւորութեամբ:
Ցուցահանդէսի մասնակիցներու շարքին մեծ թիւ կը կազմեն քաղաքի վերաշինութեան ուղղուած նախագիծեր ներկայացնող շարք մը երկրաչափական ու ճարտարապետական ընկերութիւններ, որոնց յատուկ բաժին տրամադրուած է ցուցահանդէսին մէջ:
Նշուած է, որ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար արձանագրուած ընկերութիւններու շարքին են ռուսական, չինական, պելառուսական եւ իրանեան ընկերութիւններ: