image

Հալէպ. Ծանր կեանքը կը շարունակուի առանց համացանցի

Հալէպ. Ծանր կեանքը կը շարունակուի առանց համացանցի

5-րդ օրն է, որ Հալէպ կը շարունակէ մնալ առանց համացանցի: Այս մասին «Արեւելք» հեռախօսային կապ հաստատելով տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը փոխանցեց, որ հայկական շջանները կը շարունակեն մնալ ամայի, եւ բնակիչները կը նախընտրեն միայն անհրաժեշտութեան պարագային շրջագայիլ: Անոր փոխանցմամբ, այսօր հայկական դպրոցները բաց պահած են իրենց դռները եւ դասաւանդութիւնները շարունակուած են բնականոն կերպով: Մեր աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ Հալէպի մէջ սնունդի կամ առաջին անհրաժեշտութեան պէտքերու տագնապ չկայ, իսկ Հալէպէն դուրս ելլելու Խանասէրի ճանապարհը կը շարունակէ մնալ բաց ու քաղաքէն դուրս ելլողներու առընթեր խուճապային վիճակներ չկան:

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ բանակը յաջողած է վերագրաւել անցնող օրերուն իր կորսնցուցած դիրքերը եւ յատկապէս քաղաքի հարաւային շրջաններուն մէջ «Ժայշ ալ իսլամ» խմբաւորման դէմ թէժ մարտերը կը շարունակուին:

Նշենք, որ աւելի վաղ BBC Arabic կայանը, իր տեղեկութիւնները Սուրիոյ իշխանութիւններուն մերձ աղբիւրներէ ստանալով հաղորդած էր, թէ անցնող օրերուն Հալէպի հարաւային շրջաններուն մէջ սպաննուած են 84 քաղաքացիներ: Մտվախութիւններ կան, որ «Ալ Նուրսա» խմբաւորման զինեալներ «քլոր» թոյն պարունակող հրթիռներ նետած են քաղաքային բնակչութեան շրջաններու վրայ: Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, թէ մինչ ռուսական օդուժը դադրեցուցած է իր գրոհները, սուրիական բանակի օդուժը հարուածած է ահաբեկիչներու «Հայ ալ րաշիտին» շրջանի դիրքերը:

Նոյն աղբիւրը այսօր աւելի վաղ յայտարարած էր այն մասին, որ Հալէպի ՄԱԿ-ի «Հայ Ալ Շահպա» շրջանի «Մէրիտեըն» պանդոկին մէջ եղող ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին ենթարկուած է հրթիռարձակման, ուր վնասները եղած են նիւթական: