Սուրիա: Ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած է Նոր Գիւղի մէջ գտնուող «Ազգային Զաւարեան» վարժարանի թաղամասը: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի «Գանձասար» պարբերականի Ֆէյսպուքեան էջը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով թեթեւակիօրէն վիրաւորուած է մէկ հայորդի: Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» երէկ իր աղբիւրներէն ստանալով տեղեկութիւնը գրած էր «Հայ Ալ Սապիլ» շրջանին դէմ գրանցուած հրթիռարձակման մասին:


