Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ 26 ապրիլէն 2 մայիս ինկած ժամանակահատուածին հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 170 անգամ՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 1200 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։
Բացի վերոնշեալ խախտումներէն, 29 ապրիլին՝ ժամը 15:00-ի եւ 17:25-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան (Մարտունի) հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետեր /8 արկ/:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: