Հակառակ անոր, որ շուրջ տասն օր առաջ նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ կը շարունակէ նոր կառավարութեան կազմութեան կապուած իր խորհրդակցութիւնները, սակայն վերջին ժամերուն հրապարակուած լուրերը ցոյց կու տան, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ուշանայ։
Այս մասին գրած է Լոնտոն հրապարակուող «Շարք Ալ Աուսաթ» պարբերականը, նշելով նաեւ, որ վարչապետ Տիապ կարեւորագոյն ճիգեր կ՚իրականացնէ յանուն նոր կառավարութեան կազմութեան։
Կը նշուի նաեւ, որ յատկապէս սիւննի շրջանակներ մեծ վերապահութիւն ունին Տիապի անուան շուրջ եւ բնականաբար այդ դիրքորոշումը կապուած է հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Տիապի հանդէպ «սառն» կեցուածքին հետ:
Յիշեցնենք, որ 17 հոկտեմբերին ընթացք առած բողոքի շարժումը կը շարունակուի, հակառակ անոր որ այսօր ընթացող գործընթացները առաջուան «ջերմութիւն»ը չունին, եւ այդ մէկը կը վերագրուի տօնական օրերուն։