image

«Հաարէթց» հրապարակ հանած է իսրայէլեան բանակի յանցագործութիւնները (Տեսանիւթ)

«Հաարէթց» հրապարակ հանած է  իսրայէլեան բանակի յանցագործութիւնները (Տեսանիւթ)

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը հերքած է իսրայէլեան զինուած ուժերու յայտարարութիւնները, թէ պաղեստինցի պատանի Մուհամմատ Թամիմի իսրայէլցի զինուորներու կողմէ կրակուելով գլխու հատուածի վիրաւորում չէ ստացած:

Թերթը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերու հրամանատարութիւնը կը պնդէ, թէ Թամիմիի գանկին մէկ մասը կորսնցնելուն պատճառ դարձած է ոչ թէ իսրայէլեան զինուորներու կրակոցները, այլ հեծանիւէն իյնալը:

Թերթը սուր քննադատութեան ենթարկած է իսրայէլեան զինուած ուժերը, շեշտելով, որ անոնք կը փորձեն հանրային կարծիքը շեղել ճշմարտութենէն:

Յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ Թամիմի 9 անձի հետ ձերբակալուած ու հարցաքննուած է ծանր առողջական ու հոգեկան վիճակի մէջ, եւ ան մօտ օրերս դարձեալ պիտի վիրահատուի:

Թերթը կարծիք յայտնած է, որ Թամիմիի խոստովանութիւնը, թէ վիրաւորումը հեծանիւէն իյնալու հետեւանքով է, ամենայն հաւանականութեամբ իսրայէլցի ոստիկաններու ճնշման ներքոյ կատարուած է:

Նշենք, որ ոստիկանութեան բաժինէն դուրս գալէ ետք Թամիմի փոխած էր իր ցուցմունքը, յայտնելով, որ դէպքը հեծանիւէն իյնալու հետեւանքով չէ եղած: