image

Գիւմրիի մէջ կիրակնօրեայ պատարագ՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին

Գիւմրիի մէջ կիրակնօրեայ պատարագ՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին

«Վախ­ցած ա­ղաւ­նիի հո­գե­վի­ճա­կին մէջ է,

ա­ղաւ­նի­նե­րը ի­րենց գո­յու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն
քա­ղա­քի խոր­քե­րու եւ մարդ­կանց խիտ բազ­մու­թեան
մէջ, գու­ցէ քիչ մը վախ­կոտ, բայց ան­կա՜խ»...

Հրանդ Տինք

 

21 Յունուար 2018-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Գիւմրիի՝ հայ կաթողիկէ Սրբոց նահատակաց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` կիրակնօրեայ պատարագը բարձրացաւ` ի յիշատակ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 11-րդ տարելիցին:

Պատարագիչ հայր սուրբը` եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գեր. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան, իր քարոզին մէջ` նախ անդրադարձաւ Տինքի կենսագրական տուեալներուն,  ապա անոր դէմ գործուած սահմռկեցուցիչ ոճիրին` անոր ետին թաքնուած մութ ծալքերուն եւ մեծ ոյժերուն, որոնք կը փորձեն փաստերը ի սպառ վերացնել որպէսզի չբացայայտուին ոճրագործները: Հայր սուրբը աւելցուց թէ՝ անոր նահատակութիւնը դրդող ազդակ հանդիսացաւ անոր ճանապարհը շարունակողներուն, ու աւելցնելով՝ թէ ան այսօր իսկ իր գաղափարակից հերոսներու միջոցաւ կը շարունակէ պայքարիլ եւ իրականացնել իր երազը: Ապա, Հրանդ Տինքի ոճիրին շուրջ կատարուած հետաքննութեան ընթացքի մասին մանրամասնելով եզրափակեց իր խօսքը:

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի` տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ մէկուկէսին գումարած մէկի հոգւոյն հանգիստին համար, զոր 11-տարիներ առաջ Յունուարի 19-ին, օր ցերեկով զոհուեցաւ, պարզ այն պատճառաւ, որ հայ էր եւ կը փորձէր հայութեան ձայնը աշխարհին լսելի դարձնել:

 

Դիւան՝ Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ քարտուղարութեան