Դամասկոսի Արեւելեան Ղութա շրջանէն մօտ 150 զինեալ ահաբեկիչ յաջողած են փախուստի դիմել եւ քալելով լեռները կտրելով հասած են Զապատանի շրջան, ուր գիշերը երկու ժամ մնացած են, ուժի կիրառմամբ աժան գիներով սննդամթերք ձեռք բերած, այնուհետեւ տեղացի դեղագործներէն մէկուն ստիպած են իր դեղարանը բանալ, ու մեծ քանակով դեղորայք վերցնելով հեռացած են դէպի Լիբանանի սահմանամերձ Հոմսի արուարձաններ:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքի ձեռք բերած տեղեկութիւններուն համաձայն, ներկայիս ուղղաթիռներու միջոցով հետախուզման աշխատանքներ կ'իրականացուին անտառներուն մէջ, սակայն զինեալները 3-4 հոգինոց փոքր խումբերու բաժնուելով տարածուած են Հոմսի հովիտին մէջ: