Գերմանիայէն երէկ օդանաւով 40-է աւելի անձինք հարկադիր վերադարձած են Հայաստան: Անոնց որոշ մասը սայլակով էր, ոմանք դեռ օդակայանին մէջ դեղ կ'ընդունէին:
«Ֆիզիքական խնդիր ունիմ, այստեղ բուժումը չեմ պատկերացներ, այնտեղ աւելի լաւ էր բուժումը, բայց չհասցուցի աւարտել»,- պատմած է Յովակիմեանը:
ՀՀ-ի արտաքսուած քաղաքացիներէն ոմանք յուզուած էին եւ խօսիլ չէին ցանկար: Գերմանիայէն արտաքսուած կիներէն մէկը ցոյց տուաւ դեղերը՝ նկատելով, որ ընդամէնը մէկ ամսուայ դեղ ունի:
«Չհասցուցի նոյնիսկ իրերս հաւաքել, չեմ գիտեր՝ որմէ խնդրեմ, սահմանին ալ այնպէս կը ստուգէին, կարծես յանցագործներ ենք»,- պատմած է կինը:
ՀՀ արտաքսուած քաղաքացիներէն ոմանք ալ կը պատմէին, որ իրենց նոյնիսկ օդանաւ նստիլ կարելի չէր, սակայն այս ամէնը հաշուի չէ առնուած, տրամադրուած են միայն դեղերը:
Յիշեցնենք, որ 2018-ին 268 հոգի վերադարձուած է Հայաստան։ Եւրոպայէն գաղթականներու արտաքսման դէպքերը շատացած են՝ ԵՄ երկիրներու մէջ գաղթի քաղաքականութեան խստացման եւ Հայաստանի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններու հետեւանքով: