ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան Թատրոնի միջազգային օրուայ առթիւ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով պարգեւատրած է «Յակոբ Պարոնեան»ի անուան պետական թատրոնի տնօրէն Կարապետ Շահպազեանը, մշակոյթի բնագաւառէն ներս անոր ունեցած աւանդի համար:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԺ լրատուական ծառայութենէն։
Շնորհաւորելով Թատրոնի միջազգային օրուան առթիւ՝ ԱԺ նախագահը արժեւորած է թատրոնի մեծ դերը մշակոյթի զարգացման ու պահպանման գործոին եւ թատերական գործիչներուն մաղթած ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ: