Եւրոպական խորհուրդի Ազրպէյճանի մասին համազեկուցողներ՝ աւստրիացի պատգամաւոր Ստեֆան Շեննաք եւ Ռումանիոյ ներկայացուցիչ Կեսար Ֆլորին Փրետան, 12-14 Յունուարին Ազրպէյճան պիտի այցելեն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատու գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանի մէջ գտնուելու ընթացքին համազեկուցողները հանդիպում պիտի ունենան Ազրպէյճանի նախագահին, արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն, պատգամաւորներուն, գլխաւոր դատախազին, գերագոյն դատարանի նախագահին եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:
Կը նախատեսուի, որ համազեկուցողները հանդիպում ունենան նաեւ Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ: